Անգլիոյ գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի ապահովեց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրայթընի դէմ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Ժեզուս:
Ուեմպլիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր աւելի քան 71 հազար հանդիսատես: