«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Արարատ-Արմենիայի Մրցումը՝ Հանրապետական Մարզադաշտին Վրայ
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիա, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի մրցի Լուքսամպուրկի ներկայացուցիչ՝ Ֆուլայի դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց ըսելով, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, հայրենի կազմը, իր այս մրցումը պիտի կատարէ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, յառաջիկայ 17 սեպտեմբերին, առանց հանդիսատեսներու: Մրցումին...




















