Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ ճատրակի միջազգային առցանց Օլիմփիատը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը՝ Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի միջեւ:
«ՖԻՏԷ»-ին կողմէ կազմակերպուած առաջին այս առցանց Օլիմփիատը ունեցաւ երկու ախոյեան՝ Ռուսիան եւ Հնդկաստանը:
Առաջին ռաունտին արձանագրուեցաւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, մինչ երկրորդին, Ռուսիա յաղթեց 4,5-1,5 արդիւնքով: Սակայն Հնդկաստան բողոքեց ըսելով, որ վերջին երկու արդիւնքները չեն սեպուած: Այս բողոքին ի տես, «ՖԻՏԷ»-ն երկուքը հռչակեց ախոյեան:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ քառորդ աւարտականին մրցեցաւ Հնդկաստանի դէմ, երկրորդ ռաունտը պոյքոթի ենթարկելով չմասնակցեցաւ այդ ճակատումին, բողոքելով, որ Հայկ Մարտիրոսեանի արդիւնքը նկատի չէր առնուած:
Սակայն նկատի ունենալով որ «ՖԻՏԷ»-ն այս բողոքին համաձայն չգտնուեցաւ, հայրենի կազմը դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Առաջին ռաունտին Հնդկաստան յաղթեց 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւելի ուշ, բողոքելով «ՖԻՏԷ»-ին տուած այս անարդար որոշումին դէմ, հայրենի հաւաքականին խաղացողները, անոր այդ քայլը համարեցին ամօթ եւ մեծ խայտառակութիւն, աւելցնելով, որ անոր անդամները արագօրէն պէտք է ներկայացնեն իրենց հրաժարականները:



