Արժանթինեան Պոքա Ժունիորզ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ խումբին մարզիկներէն 19-ը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, հակառակ անոր որ հարկ եղած բոլոր զգուշացումները առնուած էին, որպէսզի մարզիկներուն մօտ այդ ժահրը չտարածուի:
Անոնք, մօտիկ ապագային դարձեալ քննութիւններու պիտի ենթարկուին:
Ակումբին ղեկավարութիւնը թէեւ քիչ մը մտահոգ է, բայց միեւնոյն ժամանակ ալ յոյսով է, որ այդ բոլոր վարակուածները շուտով պիտի ապաքինին եւ վերսկսին իրենց փորձերուն, նկատի ունենալով որ խումբը, յառաջիկայ 17 սեպտեմբերին, մրցում մը ունի կատարելիք փարակուէյեան Լիպերթատի դէմ, «Լիպերթատորես» բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: