Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը, նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց շուէտացի 38 տարեկան յառաջապահ՝ Զլաթան Իպրահիմովիչի հետ, որ նախատեսուած է մինչեւ 2020-2021 տարեշրջանին աւարտը, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստին աշխատավարձը մէկ տարուան համար պիտի կազմէ՝ 7 միլիոն եւրօ:
Իպրահիմովիչ, որ այս տարուան սկիզբը՝ յունուարին միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, կէս տարեշրջանի ընթացքին, 18 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ:
Նշենք, որ ան 2010-2012 ժամանակամիջոցին եւս մաս կազմեց Ա. Սէ. Միլանի, անոր հետ դառնալով Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ գերբաժակակիր: