Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ՝ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, ընտրուեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, Գերմանիոյ մարզական լրագրողներու միութեան անդամներուն կողմէ, այս գծով յայտնեց «Kicker» մարզաթերթը, որուն կողմէ կատարուած էր այս միջոցառումը:
Լեվանտովսքի 525 ձայներէն ապահովեց՝ 276 ձայն: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից՝ Թոմաս Միւլըր (54 ձայն), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց, դարձեալ Պայէրնէն՝ Ճոշուա Քիմիչ (49 ձայն)։
Իսկ լաւագոյն մարզիչի մրցանակը ստացաւ, դարձեալ Պայէրնէն, գերմանացի Հանս-Տիեթըր Ֆլիք, որ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ թրիփըլ մը իրագործեց: