Իրանահայ մարզական մամուլը երէկ յայտնեց ըսելով, որ ուրբաթ, 28 օգոստոսին, Թեհրանի մէջ մահացաւ, իրանահայ անուանի ֆութպոլիստ՝ Սերժիկ Թէյմուրեան: Ան 46 տարեկան էր:
Թէյմուրեան, որ շուրջ ամիս մը առաջ, ինքնաշարժի արկած մը ունեցած էր, այդ պատահարէն ետք, կը գտնուէր մահաքունի մէջ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, ան մաս կազմած է իրանեան Արարատ եւ Իսթիքլալ խումբերուն, Իրանի տարբեր տեսակի հաւաքականներուն, ինչպէս նաեւ՝ գերմանական Մայնց-05 խումբին: