Հակառակ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին կատարած աւերներուն, Նիւ Եորքի մէջ (Մ. Նահանգներ) սկսաւ թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի ճակատումները:
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող՝ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 11-րդ, իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, հակառակ անոր որ ան առաջին երկու սեթերուն ուշացած էր:
Ան 3-6, 6-7, 6-2, 6-0 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Եաննիք Սիլըրին:
Բ. հանգրուանին, Խաչանով իր դէմ պիտի ունենայ Անտրէյ Քուզնեցովին (Ռուսիա):
Ա. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ թիւ 1 դասուած սերպ՝ Նովաք Ճոքովիչ, որ 6-1, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Տամիր Ծումհուրին (Պոսնիա):
Նշենք, որ Ճոքովիչ, այս մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած է երեք անգամ (2011, 2015 եւ 2018):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ, դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քարոլինա Մուշովայէն (Չեխիա):
Ա. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ թիւ 1 դասուած Քարոլինա Փլիսքովա (Չեխիա):