Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սլովաքիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ժիլինա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Զեմփլին Միշալովչէին, արձանագրեց 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին հետ մրցումին ամբողջ տեւողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուած միջնապահ՝ Վահան Բիչախչեան:
21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 68-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին նախավերջին կոլը, հինգի բարձրացուց այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը:
Անոր կազմը, այժմ 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է՝ ՏԱՔ-Սթրետա (15 կէտով):