Երէկ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-յի 2020-2021 տարեշրջանին մրցումներուն յայտագիրը:
Ինչպէս ծանօթ է, որ իւրաքանչիւր տարեշրջանի ընթացքին հետաքրքրական եւ ուշագրաւ կ’ըլլան «Քլասիքո»-յի մրցումները, ոչ թէ միայն Սպանիոյ մէջ, այլ՝ աշխարհի տարածքին:
Այս տարուան «Քլասիքո»-ն սակայն պիտի ըլլայ քիչ մը տխուր, նկատի ունենալով որ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք, այս անգամ պիտի ըլլայ այլ բացակայ մը, Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ՝Լիոնել Մեսսի, որ այլ կազմի մը փոխանցման ընթացքին մէջ է:
Անոնք երկուքն ալ, այժմ պիտի ըլլան հանդիսատեսի դերին մէջ:
Անոնց միջեւ «Քլասիքո»-յի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 հոկտեմբերին, Պարսելոնայի մէջ, մինչ երկրորդը, 11 ապրիլին (2021)՝ Մատրիտի մէջ: