Շաբաթ, 29 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին՝ Լիվըրփուլ- Արսենալ մրցումը, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ այս մրցումը ճանչցուած է, որպէս «Քոմիւնիթի-Շիլտ» անունով եւ անիկա տեղի կ’ունենայ նոր տարեշրջանին ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն շաբաթ մը առաջ, ուր իրարու դէմ կը ճակատին՝ երկրին ախոյեանն ու բաժակակիրը:
Վերադառնալով մրցումին, անոր 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1արդիւնքով, որմէ ետք երկարաձգում չկատարուեցաւ, այլ ուղղակի՝ փենալթի-ներու հարուածներուն:
Մրցումին հաշիւը 12-րդ վայրկեանին բացաւ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ: Անոր նշանակած կոլէն ետք,12-րդ վայրկեանին, ճափոնցի յառաջապահ՝ Թաքումի Մինամինօ նշանակեց Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը (1-1)::
Ինչ կը վերաբերի փենալթի-ներու հարուածներուն, Լիվըրփուլէն իր առաքելութեան մէջ ձախողեցաւ միայն անգլիացի յառաջապահ՝ Ռհիան Պրուըսթըր եւ այսպիսով անոր կազմը կրեց՝ 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այսպիսով, Արսենալ, իր պատմութեան մէջ 16-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին: