«VBET» Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, երէկ կատարեց «VBET» Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Նոա եւ Արարատ-Արմենիա մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ քառորդ աւարտականէն սկսեալ: Նշենք, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան՝ յառաջիկայ 18 եւ 19 սեպտեմբերին: Վիճակաձգութիւնը տուաւ հետեւեալ պատկերը. Գանձասար Կապան-Էջմիածին, Նորավանք-Չարենցաւան, «ԲԿՄԱ»- Լոռի, Սեւան-Երեւան, Փիւնիկ-Երեւան եւ Ալաշկերտ-Գիւմրի:




















