Երէկ՝ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, Եւրոպայի տարածքին տեղի ունեցան «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները:
Նախքան մանրամասնութիւնները, նշենք, որ մրցումները ներկայ դրութեամբ պիտի չկատարուին երթուդարձի դրութեամբ, այլ մէկ մրցումով եւ յաղթական խումբը ուղղակիօրէն պիտի ապահովէ յաջորդ հանգրուանին իր տոմսը:
Երէկուան մրցումները, անբախտ օր մը եղան հայկական երեք կազմերուն համար, նկատի ունենալով որ անոնք պարտութիւններ կրելով իրենց մրցակիցներէն, հրաժեշտ տուին մրցաշարքին:
Հայաստանի փոխախոյեան եւ բաժակակիր՝ Նոա, որ հիւրը եղաւ ղազախական Քայրաթին, 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Քայրաթի հետ այս ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ՝ Կամօ Յովհաննիսեան:
Հայկական երկրորդ կազմը՝ Ալաշկերտ, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռենովային (Մակեդոնիա), 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ եւ բնականաբր դուրս մնաց:
Վերջապէս, մրցաշարքէն դուրս մնացող երրորդ կազմը հանդիսացաւ Շիրակ-Գիւմրի, որ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռումանիոյ մէջ, դաշտին տիրոջմէն՝ Շթէուա Պուքրեշէն: