Երկարատեւ դադարէ մը ետք, հայրենի ծանրաբարձները իրենց մասնակցութիւնը բերին ծանրաբարձութեան միջազգային առցանց մրցաշարքի մը, այս գծով յայտնեց հայրենի մարզական մամուլը:
Ուզպեքիստանի անկախութեան օրուան նուիրուած ծանրաբարձութեան առցանց մրցաշարքին, Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք ծանրաբարձներ:
Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ) երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 355 քկ արդիւնք մը (165+190) գրաւեց չորրորդ դիրքը:
102 քկ դասակարգին մէջ Սամուէլ Գասպարեան արձանագրելով 381 քկ արդիւնք մը (170+211), գրաւեց երրորդ դիրքը եւ արժանացաւ պրոնզէ մետալի:
Վերջապէս, աշխարհի 20 տարեկանէն վար աշխարհի գործող ախոյեան եւ գերծանր կշիռի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած Վարազդատ Հարոյեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 425 քկ արդիւնք մը (195+230), հանդիսացաւ տիտղոսակիր: