Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց բարձրագոյն դասկարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ խումբերը. Ալաշկերտ, Հայասա, Փիւնիկ, Գանձասար-Կապան, Նորավանք, Գիւմրի եւ Ուրարտու: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու շրջանով:
Իսկ Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի՝ 19 սեպտեմբերին: Մասնակցող խումբերն են. Արարատ-Արմենիա, Վան-Չարենցաւան, Գանձակ-2, Ուեսթ-Արմենիա, Արարատ, Նոա եւ Լոռի: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 4 շրջանով եւ պիտի աւարտի՝ 15 մայիսին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին, անիկա սկիզբ պիտի առնէ 10 հոկտեմբերին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել՝ բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգերու բոլոր խումբերը, որոնք կ’ուզեն մասնակցիլ անոր:
Նշենք, որ բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 31 օգոստոսին, ժամը՝ 15։00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):