«AFP» լրատու գործակալութեան համաձայն, «Պունտըսլիկա»-յի մրցումները, շատ հաւանաբար մինչեւ 2021 թուականը, կատարուին առանց հանդիսատեսներու:
Նկատի ունենալով որ «Քորոնա» ժահրը Գերմանիոյ մէջ կը շարունակէ տիրական ներկայութիւն մը դառնալով վտանգել մարդոց կեանքերը, երկրին վարչապետը՝ Անճելա Մերքել կ’ուզէ, որ մարզական մեծ միջոցառումները կատարուին առանց հանդիսատեսներու, մինչեւ՝ 31դեկտեմբեր 2020:
Բացառութիւն կրնան կազմել վերոնշեալ ժահրով աւելի քիչ պարագաներ արձանագրած շրջանները:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 2020-2021տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի յառաջիկայ 18 սեպտեմբերին: