«ՖԻՏԷ»-ին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը, որ երէկ փլէյ-օֆ-ի նախնական հանգրուանին մրցեցաւ Յունաստանի դէմ, արձանագրելով երկու յաղթանակ (երկու ռաունտի ընթացքին), ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը:
Առաջին ռաունտին, Հայաստան յաղթեց 4,5-1,5 արդիւնքով: Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Մարգարեան յաղթանակներ արձանագրեցին, Էլինա Դանիէլեան՝ պարտուեցաւ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ռաունտին արդիւնքին, հայրենի կազմը յաղթեց՝ 3,5-2,5 արդիւնքով: Լեւոն Արոնեան եւ Աննա Սարգսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան՝ հաւասարութիւններ:
Նշենք, որ նախքան այս ճակատումը, Հայաստան գրաւած էր Գ. Խմբակին երրորդ դիրքը, իսկ Յունաստան՝ Դ. Խմբակին երկրորդ դիրքը:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ ուրբաթ, հայաստան կը ճակատի Հնդկաստանի դէմ: