Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պելճիքայի կրան-փրի-ն, որ կ’իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2020 տարեշրջանին մրցումներուն ծիրին մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ աշխարհի ախոյեան, Մերսետեսի վարորդ անգլիացի Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ անոր մեկնարկէն մինչեւ աւարտը, մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց, անոր խմբակից՝ ֆինլատացի Վալթերի Պոթթաս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց՝ հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն (Ռետ-Պուլ):
Պելճիքայի այս կրան-փրի-էն ետք, այժմ Հեմիլթըն 157 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Երկրորդ դիրքին վրայ է՝ Վերսթափեն (110 կէտով), իսկ երրորդ դիրքին վրայ՝ Պոթթաս (107 կէտ):