Մարզական

«Քալչիօ». Նոր Տարեշրջանին Մեկնարկը Կրնայ Յետաձգուիլ

«Քալչիօ». Նոր Տարեշրջանին Մեկնարկը Կրնայ Յետաձգուիլ

«Sky Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին մեկնարկը կրնայ յետաձգուիլ: Նշուեցաւ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նամակ մը ստացած է Ինթեր Միլանէն, որուն մէջ կը նշուի, որ արդէն իսկ աւարտած ախոյեանութեան, խումբերը յոգնած են շաբաթական երեք մրցում կատարելէ եւ քիչ մը հանգիստի պէտք ունին, նախքան նոր տարեշրջանին մեկնարկը տրուիլը: Այս մէկին իբր հետեւանք, կրնայ...

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան. Այսօր՝ Լիոն-Տիժոն Երկրորդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան. Այսօր՝ Լիոն-Տիժոն Երկրորդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Այսօր՝ ուրբաթ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի երկրորդ հանգրուանի բացման մրցումին, Լիոն իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Տիժոնին: Մրցումը պիտի սկսի՝ ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լիոն, Ա. հանգրուանին մրցում չկատարեց, մինչ Տիժոն, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը: Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, կիրակի օր պիտի կատարէ տաեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը պիտի ըլլայ՝...

Հայկական Ֆութպոլ. Այվազով Եւ Բեգլարեան Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

Հայկական Ֆութպոլ. Այվազով Եւ Բեգլարեան Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

Ուրարտու Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող երկու բերդապահները՝ Անաթոլի Այվազով եւ Արսէն Բեգլարեան հրաւիրուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, նկատի առնուելէ ետք հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի կողմէ, այս գծով յայտնեց, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը, յառաջիկայ 31 օգոստոսէն՝ 8 սեպտեմբեր, ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, պատրաստուելու համար «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի...

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Նոա, Ալաշկերտ Եւ Շիրակ Այսօր Մրցումներ Ունին Կատարելիք

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Նոա, Ալաշկերտ Եւ Շիրակ Այսօր Մրցումներ Ունին Կատարելիք

Այսօր՝ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենան զտումի Ա. հանգրուանի 45 ճակատումներ: Այսօր, մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ, Հայաստանի երեք կազմերը՝ Նոա, Ալաշկերտ եւ Շիրակ: Պէյրութի ժամանակացոյցով՝ ժամը 17:00-ին, Նոա հիւրը պիտի ըլլայ Քայրաթի Ալմայի (Ղազախստան): Ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Ալաշկերտ կը հիւրընկալէ Ռենովան (Մակեդոնիա): Վերջապէս, ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Շիրակ, Ռումանիոյ մէջ հիւրը...

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

«Ազգերու-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Խոաքին Քափարոս, այսօր հրապարակեց իր կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցաշարքին: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. Դասակարգին, յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Մակեդոնիոյ, իսկ երեք օր ետք, պիտի հիւրընկալէ Էսթոնիան: Հաւաքականէն պիտի բացակային, իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, գերմանական Հոֆընհայմի յառաջապահ՝ Սարգիս Ադամեան եւ...

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Սինսինաթիի Մրցաշարքէն

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Սինսինաթիի Մրցաշարքէն

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նիւ Եորքի մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցող Սինսինաթիի Մասթըրզի միջազգային բաց մրցաշարքին, չկրցաւ ապահովել քառորդ աւարտականին իր տոմսը, երբ պարտութիւն մը կրեց սպանացի իր մրցակիցէն՝ Ռոպերթօ Պաութիսթա Ակութէն (դասուած՝ 8-րդ), 6-4, 3-6 եւ 2-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց երկու ժամէն աւելի: Կիսաւարտականի մրցումներուն, Պաութիսթա իր դէմ...

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-օֆ. Այսօրուան Մրցումները Յետաձգուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-օֆ. Այսօրուան Մրցումները Յետաձգուեցան

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան՝ «Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-օֆ-ի ծիրին մէջ, սկզբունքով այսօր տեղի պիտի ունենային երեք ճակատումներ: Սակայն անոնք երեքն ալ յետաձգուեցան, նկատի ունենալով վեց խումբերն ալ մրցումները պոյքոթի ենթարկեցին, բողոքելով երկրին ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուող ցեղապաշտական արարքներուն համար: Նկատի ունենալով որ մարզիկները որոշեցին մնալ հանդերձարան, ֆետերասիոնը որոշեց յետաձգել մրցումները: Ինչ կը վերաբերի վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնց ճակատագիրը ցարդ կը մնայ...

Միջազգային Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Պատրաստ Է 150 Միլիոն Եւրօ Վճարել Մեսսի Համար

Միջազգային Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Պատրաստ Է 150 Միլիոն Եւրօ Վճարել Մեսսի Համար

Ինչպէս ծանօթ է եւ գրեթէ իրականանալու մօտ է այն մէկը, որ շուտով Պարսելոնա-Լիոնել Մեսսի ամուսնալուծում տեղի պիտի ունենայ, բացի եթէ մետասաներորդ պահուն երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնին եւ արժանթինցին որոշէ մնալ քաթալոնիական ակումբին հետ: Ըստ երէկուան լուրերուն, Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան՝ Մանչեսթըր Սիթի մեծ աշխատանք կը տանի եւ կը փորձէ օգտուիլ այս առիթէն, ձեռք ձգելու համար Մեսսիի ստորագրութիւնը, որուն համար կ’առաջարկէ…150...

Իտալական Ֆութպոլ. Անթոնիօ Քոնթէ Պիտի Մնայ Ինթեր Միլանի հետ

Իտալական Ֆութպոլ. Անթոնիօ Քոնթէ Պիտի Մնայ Ինթեր Միլանի հետ

Իտալական մարզական մամուլը, իր լուրը քաղելով Ինթեր Միլանի մամլոյ քարտուղարութենէն, յայտնեց ըսելով, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Անթոնիօ Քոնթէ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ: Իտալական ակումբը, հանդիպում-ժողով մը ունենալէ ետք Քոնթէի հետ, յայտնեց, որ իտալացի մասնագէտը նուազագոյնը տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ կազմին հետ: Նշենք, որ ան Ինթերի մարզիչ նշանակուեցաւ 2019-ի ամրան:

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Արարատի Ֆութպոլիստները Պիտի Օգնեն Շիրակին

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Արարատի Ֆութպոլիստները Պիտի Օգնեն Շիրակին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արարատ-Երեւանի 8 ֆուտբոլիստներ, կարճ ժամանակի մը համար, փոխ պիտի տրուին Շիրակ Գիւմրիի, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նկատի առնելով հայկական ֆութպոլը եւրոպական մակարդակի վրայ պատշաճ ձեւով ներկայացնելու անհրաժեշտութեան հանգամանքը, Արարատ եւ Շիրակ ակումբները համաձայնութեան եկան, որ Արարատի ֆութպոլիստներ՝ Հրայր Մկոյեան, Էդգար Մալաքեան, Դաւիթ Մանոյեան, Ժիրայր Մարգարեան, Մարքօ Փրլեւիչ, Ուրոշ Նենատովիչ, Վսեվոլոտ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 28-30 օգոստոսին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը տեղի պիտի ունենայ գլխաւորութեամբ, հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Աղուան Այվազեանի: Մարզական հաւաքին վերջին օրը՝ 30 օգոստոսին ժամը 11։00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Սեւան...

«Եու.Է.Էֆ.Ա.». Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին Մրցումը՝ 24 Սեպտեմբերին

«Եու.Է.Էֆ.Ա.». Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին Մրցումը՝ 24 Սեպտեմբերին

«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ որոշուեցաւ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումին վայրն ու թուականը: Անիկա որոշուեցաւ կայացնել յառաջիկայ 24 սեպտեմբերին, սահմանափակ թիւով՝ 30 տոկոս հանդիսատեսներու ներկայութեան: Այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտափեշտի մէջ գտնուող «Փուշքաշ-Արենա» մարզադաշտին վրայ: Մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած Պայէրն Միւնիխն ու «Եւրոպայի-Լիկա»-յի բաժակակիրին՝ Սեւիլլային:  

«Եւրոպայի-Լիկա». ՓարթիզանՊելկրատ-Ռիկա Մրցումին Իրաւարարները՝ Հայաստանէն

«Եւրոպայի-Լիկա». ՓարթիզանՊելկրատ-Ռիկա Մրցումին Իրաւարարները՝ Հայաստանէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը՝ հինգշաբթի, տեղի ունենալիք Փարթիզան Պելկրատ (Սերպիա)-Ռիկա (Լաթվիա) մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Հայաստանէն: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ՝ Զաւէն Անդրէասեան, կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Մեսրոպ Ղազարեան եւ Ատոմ Սեւգուլեան, իսկ չորրորդ իրաւարարն է՝ Հենրիկ Նալբանդեան:

Իտալական Ֆութպոլ. Փիրլոյի Առաջին Մարզումը՝ Եուվենթուսի Հետ

Իտալական Ֆութպոլ. Փիրլոյի Առաջին Մարզումը՝ Եուվենթուսի Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուս, իր առաջին փորձը կատարեց իր նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ՝ Անտրէա Փիրլոյի ղեկավարութեամբ: Նշենք, որ ան փոխարինեց՝ Մաուրիցիօ Սարիին: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ տեղի ունեցած փորձէն ետք, Փիրլօ այդ մէկը որակած է՝ հրաշալի: Նշուեցաւ նաեւ, որ Փիրլոյի մարզիչներու խմբակին էջ նկատի առնուած են՝ 13 մասնագէտներ: 41 տարեկանՓիրլոյի պայմանագրութիւնը՝ Եուվէի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2022 թուականը: Ան...

Սպանական Ֆութպոլ. Լիոնել Մեսսի Որոշեց Հեռանալ Պարսելոնայէն

Սպանական Ֆութպոլ. Լիոնել Մեսսի Որոշեց Հեռանալ Պարսելոնայէն

Քաթալոնիական պարսելոնայի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսի, որոշեց հեռանալ իր ակումբէն: «Marca» յայտնեց ըսելով, որ Մեսսի ֆաքս-ով մը այս մէկը տեղեկացուցած է ակումբին ղեկավարութեան, նկատի ունենալով որ բաւական դժգոհ է իր կազմին արձանագրած արդիւնքներէն եւ ակումբին ապագան կը տեսնէ բաւական մութ: Ըստ վերոնշեալ պարբերաթերթին, 33 տարեկան Մեսսի կ’ուզէ օգտուիլ պայմանագրութիւնը միակողմանի խզելու իր հնարաւորութենէն: Անոր պայմանագրութիւնը կ’աւարտի՝ յունիս...

Փետրօ Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի

Փետրօ Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի

Լոնտոնեան Չելսիի սպանացի միջնապահ՝ Փետրօ Ռոտրիկես, իր ակումբը լքելով, միացաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբին, այս գծով պաշտօնապէս յայտնեց հռոմեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 33 տարեկան Փետրօ, իտալական կազմին միացաւ, ազատ գործակալի կարգավիճակով: Ան ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը: Չելսիի հետ հինգ տարեշրջանի ընթացքին, ան կատարեց 206 մրցում, նշանակելով՝ 32 կոլ: Շատ հաւանական է, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մեկնարկը տրուի...

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներ. Ռեփթըրզ, Հիթ Եւ Սելթիքս՝ Հասան Կիսաւարտականին

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներ. Ռեփթըրզ, Հիթ Եւ Սելթիքս՝ Հասան Կիսաւարտականին

Ինչպէս ծանօթ է, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆ-ի Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի կ’ունենան բաւական հետաքրքրական եւ տաք մթնոլորտի մը մէջ եւ իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէ իր ամէն կարելին ընել հասնելու համար յաջորդ հանգրուանին: Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, այժմ երեք կազմեր ապահոված են կիսաւարտականին իրենց տոմը (երեքն ալ արեւելեան շրջանէն), երեքն ալ 4-0 արդիւնքով գերազանցելով իրենց մրցակիցներուն: Մայեմի...

«Եւրոպայի-Լիկա». Ալաշկերտ-Ռենովա Մրցումին Իրաւարարները՝ Սկովտիայէն

«Եւրոպայի-Լիկա». Ալաշկերտ-Ռենովա Մրցումին Իրաւարարները՝ Սկովտիայէն

Յառաջիկայ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Ալաշկերտ պիտի մրցի Ռենովայի դէմ (Մակեդոնիա): Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Սկովտիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է՝...

Հայկական Ֆութպոլ.  Լոռիի Կատարելիք Երկու Մրցումները Յետաձգուեցան

Հայկական Ֆութպոլ. Լոռիի Կատարելիք Երկու Մրցումները Յետաձգուեցան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Վանաձորի Լոռիի կատարելիք բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յաջորդ երկու մրցումները յետաձգուած են: Մնացեալ խումբերուն կատարելիք մրցումները պիտի ընթանան իրենց ճշդուած ժամկէտին: «VBET» Հայաստանի «Փրեմիեր-Լիկ»-ին ծիրին մէջ, սկզբունքով երէկ Լոռի պիտի մրցէր Վանի դէմ, իսկ յառաջիկայ 29 օգոստոսին՝ Գանձասար-Կապանի դէմ: Անոնք երկուքն ալ յետաձգուեցան՝ անորոշ թուականով մը: Ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նկատի...

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Գլխաւորութեամբ՝ գլխաւոր մարզիչ Լիանա Հայրապետեանի, երէկ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը սկսաւ իր մարզական հաւաքին, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս հաւաքին ընթացքին, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայրապետեան պիտի ընտրէ լաւագոյնները, որոնք յառաջիկային նկատի պիտի առնուին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքին: Նշուեցաւ, որ վաղը՝ չորեքշաբթի, 26 օգոստոսին, հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական...

Page 594 of 1279 1 … 593 594 595 … 1,279

Արխիւներ