Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիա, «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի մրցի Լուքսամպուրկի ներկայացուցիչ՝ Ֆուլայի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց ըսելով, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, հայրենի կազմը, իր այս մրցումը պիտի կատարէ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, յառաջիկայ 17 սեպտեմբերին, առանց հանդիսատեսներու: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, որ մրցումները երթուդարձի դրութեամբ չեն կատարուիր, այլ՝ մէկ մրցումով եւ յաղթականը կ’ապահովէ յաջորդ հանգրուանին իր տոմսը:
Նշենք, որ Արարատ-Արմենիա, որ դուրս մնաց «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանէն, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն: