Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ պատրաստուելու համար Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2021-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը յառաջիկայ 2-6 սեպտեմբերին պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
6 սեպտեմբերին, հայրենի պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Լուքսամպուրկ, ուր 8 սեպտեմբերին, հիւրը պիտի ըլլայ դաշտին տիրոջ, զտումի մրցաշարքին գծով:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին մարզիչն է՝ սպանացի Անթոնիօ Խեսիւս Ֆլորես, որ նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց այս հաւաքին մասնակցող իր կազմը: