Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որ նախատեսուած է կատարել Փերուի մէջ, յառաջիկայ 11-18 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենայ առցանց:
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը այս որոշումին յանգեցաւ, մտահոգ ըլլալով մարզիկներուն առողջութեամբ, նկատի առնելով «Քորոնա» ժահրին պարագան:
Յառաջիկային, անիկա պիտի հրապարակէ մրցաշարքին հետ առնչուող բոլոր մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին որոշումով, յառաջիկայ 31 հոկտեմբերէն 8 նոյեմբեր, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: