Մարզական

Հայկական Պասքեթպոլ.  Ուրարտու Կը Շարունակէ Իր Յաղթարշաւը

Հայկական Պասքեթպոլ. Ուրարտու Կը Շարունակէ Իր Յաղթարշաւը

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին ծիրին մէջ, Ուրարտու շարունակեց իր յաղթարշաւը, երբ այս անգամ յաղթեց Արարատին` 108-58 արդիւնքով: Արձանագրելով իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` Ուրարտու շարունակեց մնալ անպարտելի: Ուրարտուի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կէորկի Փոտկոլզի (23 կէտ):      

Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, 28 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքին ընթացքին հաւաքականը նոյն վայրին մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, 3 եւ 5 դեկտեմբերին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան: ԱՅԼ գետնի...

2022-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտիին Փլէյ Օֆի Մրցումներուն  Վիճակաձգութիւնը

2022-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտիին Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Իտալիա Կամ Փորթուգալ Պիտի Բացակային Մոնտիալէն Երէկ` ուրբաթ, 26 նոյեմբերին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի գօտիին 2022-ի Մոնտիալի փլէյ օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Ա. խմբակին մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին` Սկովտիա,Ուքրանիա եւ Կալես- Աւստրիա (կիսաւարտական): Այս զոյգերուն յաղթողները աւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ, Քաթարի առաջին տոմսին համար: Բ. խմբակին զոյգերը կազմեցին Ռուսիա-Լեհաստան եւ Շուէտ-Չեխիա, իսկ Գ. խմբակինը` Իտալիա-Մակեդոնիա եւ Փորթուգալ-Թուրքիա:...

Էրլինկ Հաալանտ Վերսկսաւ  Իր Փորձերուն

Էրլինկ Հաալանտ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Պորուսիա Տորթմունտի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, ապաքինած ըլլալով իր ազդրի մկանային վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն` ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին երէկ յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաալանտ, որ իր վնասուածքը ստացած էր նախորդ հոկտեմբերին, ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ յունուարին: Տորթմունտի մարզիչ Մարքօ Ռէօս յայտնեց, որ այս շաբաթավերջին Վոֆսպուրկի դէմ կատարուելիք մրցումին («Պունտըսլիկա») ան շատ հաւանաբար դաշտ ներկայանայ շատ կարճ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ցարդ 11 Խումբեր Ապահոված Են  1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ցարդ 11 Խումբեր Ապահոված Են 1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Անցնող երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան խմբակներու դրութեամբ կատարուող  «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումները: Նախքան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն կատարուիլը, իրենց տոմսերը ապահոված էին Պայէրն Միւնիխ, Եուվենթուս, Այաքս Ամսթերտամ եւ Լիվըրփուլ: Անոնց եկան միանալու Մանչեսթըր Սիթի, Չելսի, Ինթեր Միլան, Ռէալ Մատրիտ, Սփորթինկ Լիզպոն, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Իսկ Ս. Փեթերսպուրկ, Շերիֆ եւ Պորուսիա Տորթմունտ, որոնք...

Արժանթինեան Ֆութպոլ.  Ռիվըր Փլէյթ 36-րդ Անգամ Ըլլալով  Արժանթինի Ախոյեան

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Ռիվըր Փլէյթ 36-րդ Անգամ Ըլլալով Արժանթինի Ախոյեան

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռիվըր Փլէյթ, որ հիւրընկալեց Ռասինկ Քլապը, անոր դէմ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Մարսելօ Կայարտոյի գլխաւորած կազմը, ախոյեանութենէն երեք հանգրուան առաջ, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 52 կէտ: Անոր անմիջական մրցակիցը` Տեֆենսա Ճոսթիսիա, անկէ ետ կը մնայ 12 կէտով: Այսպիսով, Ռիվըր Փլէյթ 36-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան...

Եւրոպական Խորհրդարանը Դէմ Է «Սուփըր Լիկա»-ին  Եւ Մոնտիալին Երկու Տարին  Անգամ Մը Կայացման Գաղափարին

Եւրոպական Խորհրդարանը Դէմ Է «Սուփըր Լիկա»-ին Եւ Մոնտիալին Երկու Տարին Անգամ Մը Կայացման Գաղափարին

«Ֆութպոլ Իտալիա» կը յայտնէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ դէմ է Եւրոպայի ֆութպոլի «Սուփըր լիկա»-ին եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Մոնտիալին երկու տարին անգամ մը կայացման գաղափարին: Նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրները այս գծով միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ «Սուփըր լիկա»-ին երկու տարին անգամ մը կայացման ամբողջութեամբ դէմ են: Նոյնը կը վերաբերի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ ՖԻՖԱ-ն...

Ա. Սէ. Միլան Երկարաձգեց  Իր Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Ա. Սէ. Միլան Երկարաձգեց Իր Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը երկարաձգեց իր մարզիչին` Սթեֆանօ Փիոլիի պայմանագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ իտալացի 56 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: Նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Նոր պայմանագիրով, Փիոլի տարեկան պիտի ստանայ 3 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:  

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Լիբանան-Ինտոնեզիա

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան-Ինտոնեզիա

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2023-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 26 նոյեմբերին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, պիտի մրցի Ինտոնեզիոյ դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:00-ին: Մայրիներու կազմը բոլոր տուեալները ունի զտումի իր մրցումները յաղթանակով սկսելու, մանաւանդ որ անիկա...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանեան Բանակը Առաջին` Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Ռըսոլ (Ճիւնի) վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շուրջ տասը ակումբներէ 40 մարզիկներու: Ապահովելով 74 կէտ` լիբանանեան բանակին հաւաքականը հանդիսացաւ առաջին: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը (28 կէտ), մինչ երրորդ հանդիսացաւ Լուաքօ խումբը (15 կէտ): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:  

Հայկական Պասքեթպոլ.  Բանակային Կեդրոնական Մարզական Ակումբն  Ու Էրեբունի Կը Շարունակեն Իրենց Յաջող Ելոյթները

Հայկական Պասքեթպոլ. Բանակային Կեդրոնական Մարզական Ակումբն Ու Էրեբունի Կը Շարունակեն Իրենց Յաջող Ելոյթները

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկային 2021-2022 տարեշրջանին գծով տեղի ունեցած մրցումներուն, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 111-86 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գիւմրին: Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Վենճի Վոլիս (33 կէտ, 23 ռիպաունտ): Այլ մրցումի մը, Էրեբունի արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը` 128-81 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ՖԻՄԱ-ն: Յաղթական կազմէն Ժալիլ Մայըրս նշանակեց 32 կէտ:  

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ալաշկերտի 5-րդ Պարտութիւնը` Հելսինքիի Մէջ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտի 5-րդ Պարտութիւնը` Հելսինքիի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հելսինքիի մէջ հիւրը եղաւ ֆինլանտական «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-ին, անկէ կրեց նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը: Մրցումին 48-րդ վայրկեանին, ճափոնցի 34 տարեկան միջնապահ Աթոմու Թանաքա նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը: Այսպիսով, հայրենի կազմը իր կատարած բոլոր` հինգ մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է:  

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Կամօ Յովհաննիսեան` Կոլի Հեղինակ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Կամօ Յովհաննիսեան` Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան, որ մաս կը կազմէ ղազախական Քայրաթին, երէկ գիշեր, իր կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումին` մրցելով զուիցերիական Պալի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պալի յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով: Յովհաննիսեան, որ դաշտ ներկայացաւ 55-րդ վայրկեանին, վայրկեան մը ետք արդէն իսկ կոլի հեղինակ դարձած էր: Պալ այժմ 11 կէտով...

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւին Տիւրանթ Գերազանցեց Էլըն Այվըրսընը

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւին Տիւրանթ Գերազանցեց Էլըն Այվըրսընը

Երէկ տեղի ունեցած «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուած մրցումներուն, Պրուքլին Նեթց, որ հիւրը եղաւ Պոսթըն Սելթիքսին, արձանագրեց 123-104 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթ, որ նշանակեց 21 կէտ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր քանակը հասցուց 24.381-ի: Այս իրագործումը կատարելով ան գերազանցեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի անցեալի անուանի մարզիկ Էլըն Այվըրսընի ցուցանիշը` բարձրանալով 25-րդ դիրքին:...

Ռոպերթ Լեւանտովսքի` Տարուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Ռոպերթ Լեւանտովսքի` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի 33 տարեկան լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով իտալական «Թութթօ սփոր»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց լոնտոնեան Չելսիի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ժորժինիօ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նախկին ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Փաւել Նետվետ, Անտրէյ Շեւչենքօ, Լոթար...

Աշխարհի Բանակայիններու  Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանը Խմբային Դասաւորման Մէջ  Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Աշխարհի Բանակայիններու Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. Հայաստանը Խմբային Դասաւորման Մէջ Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի բանակայիններու ըմբշամարտի 35-րդ ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 երկիրներէ 300 մարզիկներ: Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի կազմը, որ մրցասպարէզ մեկնեցաւ 8 ըմբիշով եւ տիրացաւ 8 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ): Հայաստան ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Խմբային այս յաջողութեան մէջ իր բաժինը...

Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկներու  Խումբը Մեկնեցաւ Վրաստան

Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկներու Խումբը Մեկնեցաւ Վրաստան

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի երիտասարդ կռփամարտիկները մեկնեցան Քութայիս (Վրաստան)` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան բազմակի մրցանակակիր Աքաքի Քաքաուրիցէի անուան յուշամրցաշարքին: Վրաստան մեկնած մարզիկները հանդիսացան Թումաս Թովմասեան (51 քկ), Գագիկ Զոհրանեան, Գոռ Ազիզեան (54 քկ), Մանուէլ Պետրոսեան (57 քկ), Գոռ Բեգլարեան (60 քկ), Արման Միսկարեան, Արես Յակոբեան (63,5 քկ), Ռոպերթ Ենգիբարեան (67 քկ),...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Այսօր` «Էյչ. Ճէյ. Քէյ.»-Ալաշկերտ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Այսօր` «Էյչ. Ճէյ. Քէյ.»-Ալաշկերտ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, մաս կազմելով Ա. խմբակին, այսօր` հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-ին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Անոնց միջեւ երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, աւարտեցաւ հայկական կազմին պարտութեամբ` 4-2 արդիւնքով: 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն...

Հայաստանի Ֆութպոլի  Բաժակի Մրցաշարք.  Նորավանք Եւս Ապահովեց  Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Նորավանք Եւս Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նորավանք յաղթելով իր հիւրին` Արարատ-Արմենիային, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Նորավանքէն առաջ կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին Ուրարտու եւ Վան: Վերջին տոմսին համար այսօր իրարու դէմ կը մրցին Ուրարտու եւ Վան:

Տիգրան Բարսեղեան Հասաւ Պրաթիսլաւա

Տիգրան Բարսեղեան Հասաւ Պրաթիսլաւա

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան հասաւ Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւա` պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար տեղւոյն կազմերէն Սլովանի հետ: Նշենք, որ Բարսեղեան վերջերս հեռացաւ ղազախական Ասթանայէն, ուր երկու ամիսով որակազրկուած էր եւ չէր կրնար իր մասնակցութիւնը բերել իր կազմին կատարած մրցումներուն:

Page 444 of 1280 1 … 443 444 445 … 1,280

Արխիւներ