Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը երկարաձգեց իր մարզիչին` Սթեֆանօ Փիոլիի պայմանագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ իտալացի 56 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Նոր պայմանագիրով, Փիոլի տարեկան պիտի ստանայ 3 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: