Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան հասաւ Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւա` պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար տեղւոյն կազմերէն Սլովանի հետ:
Նշենք, որ Բարսեղեան վերջերս հեռացաւ ղազախական Ասթանայէն, ուր երկու ամիսով որակազրկուած էր եւ չէր կրնար իր մասնակցութիւնը բերել իր կազմին կատարած մրցումներուն: