Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան, որ մաս կը կազմէ ղազախական Քայրաթին, երէկ գիշեր, իր կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումին` մրցելով զուիցերիական Պալի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պալի յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով:
Յովհաննիսեան, որ դաշտ ներկայացաւ 55-րդ վայրկեանին, վայրկեան մը ետք արդէն իսկ կոլի հեղինակ դարձած էր:
Պալ այժմ 11 կէտով կը գրաւէ Ը. խմբակին առաջին դիրքը, մինչ Քայրաթ կէտով մը միայն` վերջին դիրքը: