Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2023-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 26 նոյեմբերին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, պիտի մրցի Ինտոնեզիոյ դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:
Մայրիներու կազմը բոլոր տուեալները ունի զտումի իր մրցումները յաղթանակով սկսելու, մանաւանդ որ անիկա իր կողքին ունի իր համակիրները:
Նշենք, որ Լիբանանի ազգային խումբին մարզիչն է Ճօ Մուժահեզ, իսկ խումբին խմբապետը պիտի ըլլայ Ալի Հայտար:
Խումբին մնացեալ մարզիկներն են` Ազիզ Ապտել Մասիհ, Ճիմի Սալեմ, Աթեր Մաճոք, Ամիր Սէուտ, Սերճիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Ժատ Խալիլ, Ալի Մանսուր, Քրիսթոֆ Խալիլ, Ուաէլ Արաքժի, Էլի Շամուն, Եուսեֆ Խայեաթ, Հայկ Կէօքճեան եւ Ալի Մըզհեր:
Լիբանանի ազգային խումբը միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 56-րդ, իսկ Ասիոյ մէջ` 9-րդ: Իսկ Ինտոնեզիա` 85-րդ եւ 18-րդ:
Տոմսակներուն գիները կը սկսին 25 հազար լիբանանեան ոսկիէն եւ կը հասնին մինչեւ 90, 150 եւ 350 հազարի: