Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի 33 տարեկան լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով իտալական «Թութթօ սփոր»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց լոնտոնեան Չելսիի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ժորժինիօ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի:
Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նախկին ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Փաւել Նետվետ, Անտրէյ Շեւչենքօ, Լոթար Մաթէուս, Հրիսթօ Սթոյիչքով, Սամուէլ Էթու, Ալեսանտրօ Քոսթաքուրթա, Ռուի Քոսթա եւ ուրիշներ: