Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Ռըսոլ (Ճիւնի) վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շուրջ տասը ակումբներէ 40 մարզիկներու:
Ապահովելով 74 կէտ` լիբանանեան բանակին հաւաքականը հանդիսացաւ առաջին:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը (28 կէտ), մինչ երրորդ հանդիսացաւ Լուաքօ խումբը (15 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: