Մարզական

Նէյմար Երկու Ամիսով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Նէյմար Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ֆրանսական «ԱՐ. ԷՄ. ՍԻ.» լրատուամիջոցը յայտնեց, որ պրազիլցի միջազգային յառաջապահ` Նէյմար երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Փարիզ Սեն Ժերմենի 29 տարեկան ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Սենթ Էթիենի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումին ստացաւ ծանր վնասուածք մը եւ դաշտէն դուրս բերուեցաւ պատգարակով: Այս մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:  

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի  Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Կրկնեց Իր Յաղթանակը  Ինտոնեզիոյ Դէմ` 110-64 Արդիւնքով

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Կրկնեց Իր Յաղթանակը Ինտոնեզիոյ Դէմ` 110-64 Արդիւնքով

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, երէկ յետմիջօրէին երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Ինտոնեզիոյ դէմ, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Լիբանան, որ նախորդ շաբաթավերջին 96-38 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, կրկնեց իր յաղթանակը իր նոյն մրցակիցին դէմ, այս անգամ` 110-64 արդիւնքով: Լիբանանէն Ուաէլ...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Կազմը Վրաստանի Մէջ  Տիրացաւ 9 Մետալի

Կռփամարտ. Հայաստանի Կազմը Վրաստանի Մէջ Տիրացաւ 9 Մետալի

Վրաստանի Քութայիսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան բազմակի մրցանակակիր Աքաթի Քաքաուրիցէի անուան կռփամարտի յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած  Հայաստանի կազմը, իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացաւ 4 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ոսկի մետալի տիրացան Թումաս Թովմասեան (51 քկ), Գոռ Ազիզեան (54 քկ), Մանուէլ Պետրոսեան (57 քկ)...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Գիւմրի Արձանագրեց  Իր Չորրորդ Յաղթանակը

Հայկական Պասքեթպոլ. Գիւմրի Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաղթանակը

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գիւմրի, որ մրցեցաւ «Ա. Ի. Ա.» - Սթար խումբին դէմ, արձանագրեց 92-85 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս յաղթանակը Գիւմրիի համար եղաւ տարեշրջանի չորրորդ յաղթանակը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց յաղթական կազմէն Քրիս Ճոնսըն (32 կէտ):  

Վոլիպոլ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար  Ախոյեանութիւն.  Լեհաստան Տիտղոսակիր` Երեւանի Մէջ

Վոլիպոլ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լեհաստան Տիտղոսակիր` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի վոլիպոլի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը: Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ տիտղոսակիր հանդիսացաւ Լեհաստան, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռուսիա եւ Ուքրանիա: Ախոյեանութեան վերջին օրը Հայաստանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Էսթոնիայէն:  

Լիոնել Մեսսի 7-րդ Անգամ Ըլլալով  Տիրացաւ «Ոսկիէ Գնդակ»-ին

Լիոնել Մեսսի 7-րդ Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ «Ոսկիէ Գնդակ»-ին

Երէկ գիշեր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրանս Ֆութպոլ» անուանի մարզական օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած 2021-ի «Ոսկիէ գնդակ»-ին («Պալոն Տ՛Օր») մրցանակաբաշխութիւնը: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցանակին: Տարուան երիտասարդ ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի 19 տարեկան միջնապահ Փետրի: Լաւագոյն բերդապահը ընտրուեցաւ իտալացի Ճիանլուիճի Տոնարումա (Փարիզ...

Համաշխարհային Ձմեռնային Ուսանողական  Խաղերը Ջնջուեցան «Օմիքրոն»-ին Պատճառով

Համաշխարհային Ձմեռնային Ուսանողական Խաղերը Ջնջուեցան «Օմիքրոն»-ին Պատճառով

Միջազգային շարք մը մարզական լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ 2021-ի համաշխարհային ձմեռնային ուսանողական խաղերը ջնջուեցան «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակին պատճառով: Այս խաղերը պէտք էր տեղի ունենային 11-21 դեկտեմբերին, զուիցերիական Լիւսերն քաղաքին մէջ: Զուիցերիոյ ուսանողական մարզական խաղերու ֆետերասիոնի նախագահ Մայք Քուրթ յայտնեց. «Շատ կը ցաւինք, որ այս կարեւոր խաղերուն կայացումը ջնջուեցաւ, հակառակ անոր որ շատ մեծ աշխատանք տարինք ամէն տեսակի պատրաստութիւնները տեսնելու...

Նափոլի Բացումը Կատարեց  Մարատոնայի Յուշարձանին

Նափոլի Բացումը Կատարեց Մարատոնայի Յուշարձանին

Պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, իտալական Նափոլի ֆութպոլի ակումբը նախորդ շաբաթավերջին բացումը կատարեց իր կազմին եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմած Տիեկօ Մարատոնայի յուշարձանին, իր մարզադաշտին մէջ: Մարատոնայի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Նափոլի-Լացիօ Ռոմա մրցումէն առաջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, իտալացի ֆութպոլիստ Ֆապիօ Քանաւարօ, այլ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ` 40 հազար հանդիսատեսներ: Նշենք, որ Մարատոնա...

Մեսսի Շնորհաւորեց Պարսելոնայի  Հիմնադրութեան 122-Ամեակը

Մեսսի Շնորհաւորեց Պարսելոնայի Հիմնադրութեան 122-Ամեակը

Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ ներկայիս մաս կը կազմէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի, երէկ շնորհաւորեց սպանական ակումբին հիմնադրութեան տարեդարձը: Երէկ` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, Պարսելոնա դարձաւ 122 տարեկան: 34 տարեկան Մեսսի, որ նախորդ օգոստոսին Պարսելոնան լքելով միացաւ Սեն Ժերմենի, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 6 մրցումի եւ նշանակած կոլ մը:

Ռալֆ Ռենկնիք Նշանակուեցաւ  Մանչեսթըր Եունայթըտի Մարզիչ

Ռալֆ Ռենկնիք Նշանակուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Մարզիչ

Երէկ` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին գերմանացի անուանի ֆութպոլի մասնագէտ Ռալֆ Ռենկնիք նշանակուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, որմէ ետք ան ակումբին մէջ պիտի ստանձնէ խորհրդականի պաշտօնը: Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, ան նշանակուած էր Լոքոմոթիւ Մոսկուայի մարզական եւ զարգացման բաժինի գլխաւոր պատասխանատու: Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ գերմանական...

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը  Արձանագրեց Ինտոնեզիոյ Դէմ`  96-38 Արդիւնքով

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան-Ինտոնեզիա Երկրորդ Մրցումը

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, այսօր` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, դարձեալ պիտի մրցի Ինտոնեզիոյ դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 16:00-ին: Առաջին մրցումին, Լիբանան, որ 96-38 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը, այսօր...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանը

Հայկական Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանը

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանը: Անոր մեկնարկը պիտի տրուի այսօր` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 5 խումբեր` Երեւանէն եւ Գիւմրիէն: Այդ խումբերն են` Լես Ֆոքսիս, Հատիս, Երեւան-Պասքեթ, Արցախ (Երեւան) եւ Գիւմրի (Գիւմրի): Այսօր, բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Հատիս եւ Երեւան-Պասքեթ, ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):  

Ճատրակ.  Քարլսըն-Նեփոմնիաչի Երրորդ  Մրցումը Եւս Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Ճատրակ. Քարլսըն-Նեփոմնիաչի Երրորդ Մրցումը Եւս Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ մրցումին եւս իրարու դէմ ճակատողներուն միջեւ արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն: Աշխարհի գործող նորվեկիացի  ախոյեան Մակնուս Քարլսընի (2855) եւ 31 տարեկան ռուս Եան Նեփոմնիաչիի (2782) այս երրորդ ճակատումին 41-րդ շարժումին կողմերը համաձայնեցան հաւասար աւարտել այս հանդիպումը: Քարլսըն կը մրցէր սեւ քարերով: Նշենք, որ մինչեւ 14 դեկտեմբեր անոնք իրարու դէմ պիտի կատարեն...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լեպրոն Ճէյմս Գերազանցեց Քոպի Պրայընթի Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմս Գերազանցեց Քոպի Պրայընթի Մրցանիշը

Նախորդ շաբաթավերջին «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, անկէ կրեց 141-137 արդինքով պարտութիւն մը` երրորդ երկարաձգումէն ետք: Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 30 կէտ, գերազանցեց Քոպի Պրայընթի մրցանիշը` երկարաձգումներուն ընթացքին իր նշանակած կէտերուն քանակով: Ճէյմսի նշանակած 487 կէտը կը նկատուի երկրին պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ցուցանիշը` երկարաձգումներով աւարտած մրցումներուն...

«Քալչիօ».  Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական. Մխիթարեան`  Էսիսթի Հեղինակ

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական. Մխիթարեան` Էսիսթի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ երէկ հիւրընկալեց Թորինոն, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Թեմի Ապրահամ` 32-րդ վայրկեանին: Անոր նշանակած այս կոլին էսիսթը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, հռոմեան կազմը, որ այժմ ունի 25 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` 10 կէտով ետ...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Սերճիօ Ռամոսի Յաղթական Նորամուտը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Սերճիօ Ռամոսի Յաղթական Նորամուտը

Մեսսի Կատարեց Երեք Էսիսթ, Մինչ Նէյմար Վիրաւորուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք 20-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Սենթ Էթիենի դաշտէն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը ունեցաւ 12 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` երկրորդ դիրքը գրաւող Ռեննի վրայ: Պրազիլցի Մարքինիոս տուպլէ մը իրագործեց...

Լեւանտովսքի` 2021 Տարուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լեւանտովսքի` 2021 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.») կողմէ 2021 տարուան աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: Տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, ան ապահովելով 150 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (105 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց իտալացի Ժորժինիօ (40 կէտ):  

Պարսելոնա 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Ստորագրէ Կաւիի Հետ

Պարսելոնա 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ Կաւիի Հետ

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը բաւական մօտ է հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար իր 17 տարեկան միջնապահին` Փապլօ Մարթին Փայես Կաւիրայի հետ, որ ճանչցուած է Կաւի անունով: Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հրաժարագինը պիտի սահմանէ մէկ միլիառ եւրոյով: Գործող պայմանագիրով անոր հրաժարագինը կը կազմէ 50 միլիոն եւրօ: Ան թէեւ առաջարկներ ունի անգլիական երեք ակումբէ, սակայն կը նախընտրէ Պարսելոնան:...

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը  Արձանագրեց Ինտոնեզիոյ Դէմ`  96-38 Արդիւնքով

2023-ի Աշխարհի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ինտոնեզիոյ Դէմ` 96-38 Արդիւնքով

Երէկ գիշեր «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ինտոնեզիոյ դէմ, 58 կէտի տարբերութեամբ` 96-38 արդիւնքով: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Գ. խմբակ): Այստեղ նշենք, որ երկու կազմերը երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, նոյն վայրին մէջ դարձեալ իրարու...

Հեծելարշաւ.  Մարուա Հաժ Լիբանանին  Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Հեծելարշաւ. Մարուա Հաժ Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող «Մաութըն Պայք»-ի արաբական ախոյեանութեան, Լիբանանի ներկայացուցիչ Մարուա Հաժ աղջկանց մրցումներուն յաջողեցաւ տիրանալ արծաթ մետալի մը: Ան 2018-ին նոյն այս ախոյեանութեան գծով տիրացած էր պրոնզ մետալի: Նշենք, որ Լիբանանի երկու այլ մարզիկներ` Ռաֆիք Իտ եւ Անթուան Քըրպան, պիտի մասնակցին «Տաուն Հիլ»-ի մրցումին:  

Page 443 of 1280 1 … 442 443 444 … 1,280

Արխիւներ