«Ֆութպոլ Իտալիա» կը յայտնէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ դէմ է Եւրոպայի ֆութպոլի «Սուփըր լիկա»-ին եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Մոնտիալին երկու տարին անգամ մը կայացման գաղափարին:
Նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրները այս գծով միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ «Սուփըր լիկա»-ին երկու տարին անգամ մը կայացման ամբողջութեամբ դէմ են:
Նոյնը կը վերաբերի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ ՖԻՖԱ-ն մտադիր է այս նոր դրութիւնը կեանքի կոչել 2028-ի Մոնտիալէն սկսեալ: