Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի բանակայիններու ըմբշամարտի 35-րդ ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 երկիրներէ 300 մարզիկներ:
Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի կազմը, որ մրցասպարէզ մեկնեցաւ 8 ըմբիշով եւ տիրացաւ 8 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ):
Հայաստան ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Խմբային այս յաջողութեան մէջ իր բաժինը ունեցաւ նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը` իր տիրացած 5 մետալով (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ):