Պորուսիա Տորթմունտի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, ապաքինած ըլլալով իր ազդրի մկանային վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն` ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին երէկ յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հաալանտ, որ իր վնասուածքը ստացած էր նախորդ հոկտեմբերին, ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ յունուարին:
Տորթմունտի մարզիչ Մարքօ Ռէօս յայտնեց, որ այս շաբաթավերջին Վոֆսպուրկի դէմ կատարուելիք մրցումին («Պունտըսլիկա») ան շատ հաւանաբար դաշտ ներկայանայ շատ կարճ միջոցի մը համար:



