Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, մաս կազմելով Ա. խմբակին, այսօր` հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-ին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Անոնց միջեւ երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, աւարտեցաւ հայկական կազմին պարտութեամբ` 4-2 արդիւնքով:
5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, երկու կազմերն ալ յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսը ապահովելու յոյսերը կորսնցուցած են:
Ֆինլանտական կազմը 3 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մինչ Ալաշկերտ, որ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է, առանց որեւէ կէտի կը գտնուի չորրորդ եւ վերջին դիրքին վրայ: