Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, 28 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Այս հաւաքին ընթացքին հաւաքականը նոյն վայրին մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, 3 եւ 5 դեկտեմբերին:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան:
ԱՅԼ գետնի վրայ, Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը, որ 2023-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրը եղաւ Պելճիքայի, կրեց բաւական ծանր արդիւնքով պարտութիւն մը… 19-0 արդիւնքով:
30 նոյեմբերին Հայաստան Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Նորվեկիան: Երթին Հայաստան պարտուած էր 10-0 արդիւնքով: