Մարզական

Ռոպերթօ Մանչինի Հրաժարեցաւ  Գլխաւորել Մանչեսթըր Եունայթըտը

Ռոպերթօ Մանչինի Հրաժարեցաւ Գլխաւորել Մանչեսթըր Եունայթըտը

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի հրաժարեցաւ գլխաւորել Մանչեսթըր Եունայթըտը նորվեկիացի Ուլէ Կունար Սոլսքիարի պաշտօնազրկումէն ետք: 56 տարեկան մասնագէտին համար աւելի առաջնակարգ է 2022-ի Մոնտիալի զտումի փլէյ օֆը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ գարնան: Նշենք, որ Իտալիա ցարդ չէ ապահոված Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի  Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ նկատի առնուած մարզիչի...

Զիտան Մերժեց Գլխաւորել  Փարիզ Սեն Ժերմենը

Զիտան Մերժեց Գլխաւորել Փարիզ Սեն Ժերմենը

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Զինետտին Զիտան մերժեց գլխաւորել Փարիզ Սեն Ժերմենը, այս մասին յայտնեց սպանական «ԱՍ» անուանի մարզական օրաթերթը: Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը չկրցաւ համոզել 49 տարեկան Զիտանը, որ ստանձնէ խումբին մարզիչի պաշտօնը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Զիտան կը փափաքի տարուան մը դադարէ ետք միայն ստանձնել ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը եւ ոչ թէ տարեշրջանի մը կէսէն ետք:    

Թոթենհամի Պարտքը Տարուան Մը Ընթացքին  100 Միլիոն Սթերլինկով Աւելցաւ

Թոթենհամի Պարտքը Տարուան Մը Ընթացքին 100 Միլիոն Սթերլինկով Աւելցաւ

Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը ամփոփեց 2020-2021 տարեշրջանի իր տնտեսական հաշուետուութիւնը: Անգլիական ակումբը այս ժամանակամիջոցին ունեցաւ 80,2 միլիոն սթերլինկի վնաս մը: Այսպիսով, անոր ունեցած պարտքը 605 միլիոնէն բարձրացաւ 706 միլիոն սթերլինկի, այս մասին յայտնեց «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ. »-ն: Ակումբին հասոյթը կազմեց 361,9 միլիոն սթերլինկ, ինչ որ 40,5 միլիոնով քիչ է նախորդ տարուան համեմատ: Ասիկա բնականաբար հետեւանք է «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառած...

Փինկ Փոնկ. Նոել Քէշիշեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Փինկ Փոնկ. Նոել Քէշիշեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

ՀՄԸՄ Ճիւնիի Տղոց Խումբը Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի բաժակի մրցաշարքին մրցումները: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 189 տղաք եւ 42 աղջիկներ: ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Նոել Քէշիշեան, որ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մարիանա Սահակեանէն (Անդրանիկ Պէյրութ), տիրացաւ պրոնզ մետալին:...

Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը  Յաղթեց Սուրիոյ

Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Յաղթեց Սուրիոյ

Երէկ` երեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, Էրպիլի մէջ (Իրաք) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ 2021-ի երիտասարդներու ֆութպոլի երկրորդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ կատարեց իր առաջին մրցումը` Սուրիոյ դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալի Ֆատըլ` 55-րդ վայրկեանին: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան վաղը` հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ,...

Կարէն Ասլանեան` Աշխարհի  Բանակայիններու Կրկնակի Ախոյեան

Կարէն Ասլանեան` Աշխարհի Բանակայիններու Կրկնակի Ախոյեան

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի եռակի պրոնզէ մետալակիր Կարէն Ասլանեան հռչակուեցաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բանակայիններու կրկնակի ախոյեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակիցը ոսկի մետալի տիրացաւ 72 քկ դասակարգին մէջ: Նշենք, որ Կարէն Ասլանեան աշխարհի բանակայիններու ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ 2017-ին: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռուդիկ Մկրտչեան, դարձաւ արծաթէ մետալակիր` 55 քկ...

Լեւոն Արոնեան. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ  Մեր Բոլոր Հերոսներուն Ու Մեր Քաջարի  Քոյրերուն Ու Մայրերուն»

Լեւոն Արոնեան. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Մեր Բոլոր Հերոսներուն Ու Մեր Քաջարի Քոյրերուն Ու Մայրերուն»

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, հնդկական Կալկաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին իր տիրացած տիտղոսը նուիրեց Հայաստանին: «Շատ ուրախ եմ, որ յաջող արդիւնքներ արձանագրելով կրցայ տիրանալ այս կայծակնային մրցաշարքի տիտղոսին: «Այս պահուն, ինչպէս աշխարհի իւրաքանչիւր հայ, միտքերս իմ երկրիս հետ են, եւ անհամբեր կը սպասեմ այն օրուան, երբ մեր ազգը պիտի կարենայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ, վերակառուցել եւ խմբաւորել ամէն ինչ,...

Աշոտ Խաչատուրեան` Ռուսիոյ Ֆութպոլի  «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Նախագահ

Աշոտ Խաչատուրեան` Ռուսիոյ Ֆութպոլի «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Նախագահ

Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի նախագահ ընտրուեցաւ Աշոտ Խաչատուրեան, այս մասին յայտնեց «Փրեմիեր լիկ»-ին կայքը: Խաչատուրեան, որ միակ թեկնածուն ըլլալով միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ նախագահ, 5 հոկտեմբերէն ի վեր նախագահի պաշտօնակատարն էր Սերկէյ Փրիատքինի հեռանալէն ետք: Նշենք, որ Խաչատուրեան միեւնոյն ժամանակ ալ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահն է:  

Կռփամարտ.  Արտեոմ Դալաքեան Նաք Աութով Պաշտպանեց  Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Կռփամարտ. Արտեոմ Դալաքեան Նաք Աութով Պաշտպանեց Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Ուքրանահայ կռփամարտիկ Արտեոմ Դալաքեան (21-0, 15 նաք աութ) նախորդ շաբաթավերջին պաշտպանեց կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի  վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը` 12 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին նաք-աութ-ով յաղթելով փանամացի իր մրցակիցին` Լուիս Քոնսեփսիոյին (39-9, 28 նաք աութ): Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեղի ունեցաւ Քիեւի մէջ (Ուքրանիա): Այսպիսով, Դալաքեան հինգերորդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ պաշտպանել այս տիտղոսը: Նշենք, որ շուրջ շաբաթ...

«Ֆորմիւլա-1».  Քաթարի Կրան Փրին Աւարտեցաւ  Հեմիլթընի Յաղթանակով

«Ֆորմիւլա-1». Քաթարի Կրան Փրին Աւարտեցաւ Հեմիլթընի Յաղթանակով

Կիրակի, 21 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Քաթարի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Աշխարհի գործող ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն հանդիսացաւ առաջին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մաքս Վերսթափեն եւ Ֆերնանտօ Ալոնսօ: Նշենք, որ Ալոնսօ վերջին անգամ փոտիում բարձրացած էր եօթը տարի առաջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ անգլիացի Հեմիլթըն...

Աշխարհի Բանակայիններու  Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն.  Արման Անդրէասեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Աշխարհի Բանակայիններու Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. Արման Անդրէասեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բանակայիններու ըմբշամարտի ախոյեանութեան, ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, ախոյեանի կոչման արժանացաւ Հայաստանի հաւաքականի անդամ, 70 քկ դասակարգին մասնակցող` Արման Անդրէասեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մհեր Մարկոսեան, Հայաստանի համար ապահովեց արծաթ մետալ մը` 86 քկ դասակարգին մէջ: Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Մենուա Եարիբեկեան (74 քկ) եւ Յարութիւն...

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Ինտիա»-ի  Մրցաշարք.  Լեւոն Արոնեան Տիրացաւ Տիտղոսին

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Ինտիա»-ի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին հնդկական Կալկաթա քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ արագ ճատրակի «Թաթա Սթիլ Ինտիա»-ի միջազգային մրցաշարքը` հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանի տիտղոսին տիրացումով: 18 հանգրուանի արդիւնքները նկատի առնելով` Հայաստանի ներկայացուցիչը եւ հնդիկ Արճուն Էրիկայսի կիսեցին առաջին դիրքը` 11,5-ական կէտով: Թայ պրէյքի երկու մրցումներն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ, եւ պայքարը շարունակուեցաւ Արմակետոնով, որուն ընթացքին Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթանակ արձանագրեց:

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հանդիսացաւ 7-րդ

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հանդիսացաւ 7-րդ

Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուքրանիայէն, 12 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը: Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցաւ Ուքրանիա, որ ապահովեց 14 կէտ: Ֆրանսա, որ վերջին հանգրուանին յաղթեց Ազրպէյճանին եւ ունեցաւ նոյնքան կէտ, լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց...

Սիմոն Մարտիրոսեան  Այցելեց «Զինուորի Տուն»

Սիմոն Մարտիրոսեան Այցելեց «Զինուորի Տուն»

Ողիմպիական խաղերու կրկնակի փոխախոյեան, ծանրաբարձ Սիմոն Մարտիրոսեան երէկ այցելեց «Զինուորի տուն», այս մասին յայտնեց վերականգնողական կենտրոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սիմոն Մարտիրոսեան «Զինուորի տան» նուիրեց երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին իր տիրացած առաջին տիտղոսը: Ան իր այս այցելութեան ընթացքին վիրաւոր զինուորներուն հետ ծանօթանալով հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք ի՞նչ ձեւով անոնց օգտակար կրնայ դառնալ: Անոր կ՛ընկերակցէին անոր մարզիչները` Աշոտ Փիլոսեան եւ Նարեկ Խաչատրեան: «Մեր յաղթանակները...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հաւասարութիւն  Արձանագրեց Սպանիոյ Հետ

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հաւասարութիւն Արձանագրեց Սպանիոյ Հետ

Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սպանիոյ հետ: Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան իրենց կատարած մրցումները աւարտեցին հաւասարութեամբ: Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Հայաստան եւ Սպանիա ապահոված են 10-ական կէտ: Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն:  

«Թաթա Սթիլ Ինտիա» Ճատրակի Մրցաշարք.  Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

«Թաթա Սթիլ Ինտիա» Ճատրակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Թաթա Սթիլ Ինտիա» արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ հնդիկ Արճուն Էրիկայիսի, որ ապահովելով 6,5 կէտ, միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը: Երէկ, մրցաշարքին վերջին օրը, Արոնեան արձանագրեց երեք հաւասարութիւն:    

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 22-24 նոյեմբերին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Գէորգ Պօղոսեան այս հաւաքին համար երէկ նկատի առաւ 26 ֆութպոլիստներ: Ամէնէն շատ ֆութպոլիստը ունի Փիւնիկ (12), մինչ Ուրարտու ունի 7 ֆութպոլիստ:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Արմենիա  Եւ Փիւնիկ Երեւան` Յաղթական

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Արմենիա Եւ Փիւնիկ Երեւան` Յաղթական

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ-Արմենիա, որ հիւրը եղաւ փոխախոյեան Նոային, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մայիլսոն Լիմա, 68-րդ վայրկեանին: Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Փիւնիկ-Երեւան, որ Չարենցաւանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վանը: Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Արարատ-Արմենիա 37 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Փիւնիկ 30 կէտով` երկրորդ...

Ռուսական Ակումբներ  Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

Ռուսական Ակումբներ Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, ռուսական շարք մը անուանի ֆութպոլի ակումբներ հետաքրքրուած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով: Ներկայ դրութեամբ ցարդ հայ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Սպարտակ Մոսկուա, Մոսկուայի բանակայիններ եւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ:  

Տեմպելէ Եւ Փետրի Բացակայ`  Չաւիի Նորամուտի Մրցումին

Տեմպելէ Եւ Փետրի Բացակայ` Չաւիի Նորամուտի Մրցումին

Պարսելոնայի 18 տարեկան սպանացի միջնապահ Փետրի եւ 24 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ իրենց մասնակցութիւնը պիտի չկարենան բերել Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Երկու ֆութպոլիստներն ալ իրենց մասնակցութիւնը չբերին ընդհանուր խումբին կատարած փորձերուն` նկատի ունենալով, որ կը շարունակեն ապաքինիլ իրենց ստացած վնասուածքներէն ետք: Պարսելոնա-Էսփանիոլ մրցումը, որ տեղի պիտի...

Page 445 of 1280 1 … 444 445 446 … 1,280

Արխիւներ