Երէկ տեղի ունեցած «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուած մրցումներուն, Պրուքլին Նեթց, որ հիւրը եղաւ Պոսթըն Սելթիքսին, արձանագրեց 123-104 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթ, որ նշանակեց 21 կէտ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր քանակը հասցուց 24.381-ի:
Այս իրագործումը կատարելով ան գերազանցեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի անցեալի անուանի մարզիկ Էլըն Այվըրսընի ցուցանիշը` բարձրանալով 25-րդ դիրքին:
Տիւրանթ այժմ շուտով կրնայ գերազանցել իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած Ռէյ Էլընը, որ 24.505 կէտով կը գրաւէ 24-րդ դիրքը:
Այլ մրցումի մը, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Ինտիանա Փէյսըրզին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 124-116 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 39 կէտ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, լաւագոյն խումբը կը հանդիսանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (16 յաղթանակ, 2 պարտութիւն), մինչ անոր ճիշդ հակապատկերն է Հիուսթըն Ռոքեթց: