Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկային 2021-2022 տարեշրջանին գծով տեղի ունեցած մրցումներուն, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 111-86 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գիւմրին:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Վենճի Վոլիս (33 կէտ, 23 ռիպաունտ):
Այլ մրցումի մը, Էրեբունի արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը` 128-81 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ՖԻՄԱ-ն:
Յաղթական կազմէն Ժալիլ Մայըրս նշանակեց 32 կէտ: