Իտալիա Կամ Փորթուգալ
Պիտի Բացակային Մոնտիալէն
Երէկ` ուրբաթ, 26 նոյեմբերին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի գօտիին 2022-ի Մոնտիալի փլէյ օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ա. խմբակին մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին` Սկովտիա,Ուքրանիա եւ Կալես- Աւստրիա (կիսաւարտական): Այս զոյգերուն յաղթողները աւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ, Քաթարի առաջին տոմսին համար:
Բ. խմբակին զոյգերը կազմեցին Ռուսիա-Լեհաստան եւ Շուէտ-Չեխիա, իսկ Գ. խմբակինը` Իտալիա-Մակեդոնիա եւ Փորթուգալ-Թուրքիա:
Վերջինին պարագային, ինչ ալ որ ըլլան արդիւնքները, Իտալիա կամ Փորթուգալ պիտի բացակային Մոնտիալէն:
Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան 24 եւ 25 մարտին, իսկ աւարտականի մրցումները` 28 եւ 29 մարտին:
Յաղթականները պիտի յստականան մէկ մրցումի արդիւնքով:



