Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հելսինքիի մէջ հիւրը եղաւ ֆինլանտական «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-ին, անկէ կրեց նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը:
Մրցումին 48-րդ վայրկեանին, ճափոնցի 34 տարեկան միջնապահ Աթոմու Թանաքա նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Այսպիսով, հայրենի կազմը իր կատարած բոլոր` հինգ մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է: