Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին ծիրին մէջ, Ուրարտու շարունակեց իր յաղթարշաւը, երբ այս անգամ յաղթեց Արարատին` 108-58 արդիւնքով:
Արձանագրելով իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` Ուրարտու շարունակեց մնալ անպարտելի:
Ուրարտուի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կէորկի Փոտկոլզի (23 կէտ):