Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռիվըր Փլէյթ, որ հիւրընկալեց Ռասինկ Քլապը, անոր դէմ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Մարսելօ Կայարտոյի գլխաւորած կազմը, ախոյեանութենէն երեք հանգրուան առաջ, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 52 կէտ:
Անոր անմիջական մրցակիցը` Տեֆենսա Ճոսթիսիա, անկէ ետ կը մնայ 12 կէտով:
Այսպիսով, Ռիվըր Փլէյթ 36-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան եւ բնականաբար` մրցանշակիր:
Անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պոքա Ժունիորզ, որ տիտղոսին տիրացած է 34 անգամ: