Մարզական

Ֆոնսեքա Նշանակուեցաւ Լիլի Մարզիչ

Ֆոնսեքա Նշանակուեցաւ Լիլի Մարզիչ

Ֆրանսայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Լիլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ փորթուգալցի Փաուլօ Ֆոնսեքա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: 49 տարեկան մասնագէտը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: Ան փոխարինեց Ժոսլեն Կուրվենեքը, որ նախորդ 16 յունիսին պաշտօնանկ եղաւ: Նշենք, որ Ֆոնսեքայի վերջին ակումբը հանդիսացաւ Ա. Էս. Ռոման, որուն հետ ան պաշտօնավարեց 2019-էն 2021:  

Լիեք Մարթենս` Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Կին Ֆութպոլիստներէն Մէկը

Լիեք Մարթենս` Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Կին Ֆութպոլիստներէն Մէկը

Նետերլանտցի 29 տարեկան միջնապահ Լիեք Մարթենս, որ Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, տարեկան պիտի գանձէ 500 հազար եւրօ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Մարթենս, որ Պարսելոնայի հետ կը գանձէր 250 հազար եւրօ, այսպիսով կը դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող կին ֆութպոլիստներէն մէկը: Նշենք, որ Լիեք Մարթենս «ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՄ.» ամսագիրին կողմէ ճանչցուեցաւ Նետերլանտներու 2021 տարուան ամէնէն գեղեցիկ կին մարզիկը:

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք.   Ռաֆայէլ Նատալ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Ռաֆայէլ Նատալ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ երէկ բաւական մեծ դժուարութեամբ ապահովեց Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 4 ժամ եւ 20 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, 3-6, 7-5, 3-6, 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Թէյլոր Ֆրիցին (11-րդ): Կիսաւարտականին, Նատալ իրեն մրցակից պիտի ունենայ աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսը: Նշենք, որ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փիւնիկ 0-0 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Քլուժի Հետ

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ 0-0 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Քլուժի Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 5 յուլիսին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանին զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարեց  իր առաջին մրցումը` Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով ռումանական Քլուժը: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով ճերմակ հաւասարութեամբ մը: Հիւր կազմին կոլ նշանակելու առիթները աւելի շատ էին, մինչ հայկական կողմը...

Վարազդատ Հարոյեան Հեռացաւ Քատիսէն

Վարազդատ Հարոյեան Հեռացաւ Քատիսէն

Սպանական Քատիսի ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան երկկողմանի համաձայնութեամբ իրարու հետ խզեցին իրենց պայմանագրութիւնը: Հարոյեան «Լա լիկա»-ն ներկայացնող ակումբին հետ հանդէս կու գայ 2021-էն ի վեր: Նախորդ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 19 մրցում: Նախքան Սպանիա տեղափոխուիլը ան հանդէս կու գար Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:  

«Եւրօ-2022».  Անգլիոյ Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Խումբը` Ախոյեան

«Եւրօ-2022». Անգլիոյ Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Խումբը` Ախոյեան

«ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 19 տարեկանէն վար տղոց աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Իսրայէլ: Թէեւ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, սակայն երկարաձգման ընթացքին Անգլիա նշանակեց երկու կոլ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Այսպիսով, Անգլիա Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան 12-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) հանդիսացաւ ախոյեան: Սպանիա տիտղոսակիր դարձած է 11 անգամ:

Լիվըրփուլ Երկարաձգեց Մոհամետ Սալահի Պայմանագրութիւնը

Լիվըրփուլ Երկարաձգեց Մոհամետ Սալահի Պայմանագրութիւնը

Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը մինչեւ 2025 երկարաձգեց իր եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի պայմանագրութիւնը: 30 տարեկան Սալահ Լիվըրփուլին մաս կը կազմէ 2017-էն ի վեր: Ընդհանուր առմամբ ան իր կազմին հետ կատարեց 254 մրցում եւ նշանակեց 156 կոլ: Ըստ անգլիական մարզական մամուլին, ան շաբաթական պիտի ստանայ 400 հազար սթերլինկ, ան «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն յատուկ առիթի մը ընթացքին ներկայացուց իր նոր գլխաւոր մարզիչը: Քրիսթոֆ Կալթիէ հեռանալով Նիսէն ստանձնեց Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, որ մայրաքաղաքի կազմին կողմէ պաշտօնազրկուեցաւ: Նշենք, ֆրանսացի 55 տարեկան մասնագէտը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սեն Ժերմենի հետ: Կալթիէի հետ Սենթ Էթիեն 2012-2013 տարեշրջանին հանդիսացաւ Ֆրանսայի Լիկայի բաժակակիր, իսկ Լիլի...

Մարսէյ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Մարսէյ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Մարսէյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը: Խրուաթ Իկոր Թուտոր նշանակուեցաւ նոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով արժանթինցի Խորխէ Սամփաուլին, որ 1 յուլիսին հեռացաւ ակումբէն, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը: 44 տարեկան Թուտոր, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարսէյի հետ, նախապէս գլխաւորած է Վերոնան:  

Թոմաս Միւլըր` Պայէրն Միւնիխի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Թոմաս Միւլըր` Պայէրն Միւնիխի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող գերմանացի միջազգային յառաջապահ Թոմաս Միւլըր ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ստացաւ ձայներուն 26 տոկոսը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց գերմանացի միջնապահ Ժամալ Մուսիալա (19 տոկոս), մինչ «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն ռմբաձիգ, լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի հանդիսացաւ երրորդ (18 տոկոս): Քուէարկութեան մասնակցեցան Պայէրն Միւնիխի համակիրները: Նախորդ տարեշրջանին Միւլըր...

«Քալչիօ»-ին Մէջ Պիտի Գործէ «Ոսկի Մրցում» Օրէնքը

«Քալչիօ»-ին Մէջ Պիտի Գործէ «Ոսկի Մրցում» Օրէնքը

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած նիստին ընթացքին որոշեց փոխել «Քալչիօ»-ի կանոնագիրը եւ կայացնել «Ոսկի մրցում»` 2022-2023 տարեշրջանէն սկսեալ, այս մասին յայտնեց «Ֆութպոլ-Իտալիա»-ն: «Ոսկի մրցում» տեղի պիտի ունենայ, եթէ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումէն ետք առաջին դիրքը նոյնքան կէտով կը կիսեն երկու խումբեր: Եթէ «Ոսկի մրցում»-ը աւարտի հաւասարութեամբ, տեղի պիտի չունենայ երկարաձգում, այլ ուղղակի պիտի դիմուի փենալթիներուն: Այս օրէնքը պիտի գործէ ախոյեանութեան...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը` Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը` Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեան

Մալթայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ աւարտականին մրցեցաւ հիւրընկալ կազմին` Մալթայի դէմ, արձանագրելով 84-68 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը, հանդիսացաւ ախոյեան: Մալթա կիսաւարտականին 59-52 արդիւնքով յաղթած էր Ազրպէյճանին, մինչ Հայաստան` Անտորրային, 93-66 արդիւնքով: Աւարտականի այս մրցումին, Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Ճոնս (41 կէտ եւ 10 ռիպաունտ): Նշենք, որ Ա....

ՖԻՊԱ. Աշխարհի Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն.  Լիբանան-Սէուտական Արաբիա` 90-60

ՖԻՊԱ. Աշխարհի Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն. Լիբանան-Սէուտական Արաբիա` 90-60

Երէկ գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիան, Ասիոյ գօտիին Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Լիբանան, որ իր կատարած նախորդ մրցումին նոյն վայրին մէջ մրցած էր Յորդանանի դէմ եւ արձանագրած յաղթանակ մը, երէկուան մրցումին եւս յաղթական դուրս եկաւ, եւ այդ մէկը` 30 կէտի տարբերութեամբ,...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Լեովա Գէորգեան Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Լեովա Գէորգեան Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Ախոյեան

Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար), Հայաստանի համար վերջին մետալը ապահովեց Լեովա Գէորգեան: Արդարեւ, 125 քկ դասակարգին մէջ, հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին մրցեցաւ վրացի Մերապ Սուլէյմանաշվիլիի դէմ, տիրացաւ ոսկի մետալին` արձանագրելով 13-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ ան կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց թուրք Ատիլ Միսիրճիի դէմ (5-2):...

Կռփամարտ.  Էրիկ Բազինեան Այսուհետեւ Պիտի Չներկայացնէ Հայաստանը

Կռփամարտ. Էրիկ Բազինեան Այսուհետեւ Պիտի Չներկայացնէ Հայաստանը

Քանատահայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան յայտնեց, որ այսուհետեւ հանդէս պիտի չգայ Հայաստանի դրօշին տակ: «Դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ այսուհետեւ պիտի չներկայացնեմ Հայաստանն ու մեր Եռագոյնը: Հակառակ անոր որ միշտ ալ եկած եմ բարձր պահելու Հայաստանի դրօշն ու անունը, սակայն անոր դիմաց արհամարհանք ստանալէ ետք իմ երկրիս կողմէ,  դժբախտաբար ստիպուած եղայ դժբախտաբար գալու այս եզրակացութեան», ըսաւ Բազինեան: Նշենք, որ ան...

Ուրարտու Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ Սերպիոյ Մէջ

Ուրարտու Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ Սերպիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին պատրաստուելու նպատակով, Ուրարտու-Երեւան ֆութպոլի ակումբը մարզական հաւաքի մը սկսաւ Սերպիոյ Զլաթիպոր քաղաքին մէջ: Այս ուսումնամարզական հաւաքը, որ սկսաւ նախորդ 2 յուլիսին, իր աւարտին կը հասնի 16 յուլիսին, նշուեցաւ երեւանեան ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Նշուեցաւ, որ հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական հինգ մրցումներ:    

Լեռնային Արցախ Հանդէս Պիտի Գայ «Վիպեթ» Հայաստանի «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ

Լեռնային Արցախ Հանդէս Պիտի Գայ «Վիպեթ» Հայաստանի «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիսին, ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Լեռնային Արցախ ֆութպոլի ակումբին նամակը, որ ներկայացնելով լրացուցիչ տեղեկատուութիւն, դիմեց «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս գալու համար: Ժողովականները, մանրամասնօրէն քննարկելով ակումբին ներկայացուցած թղթածրարը, վաւերացուցին, որ անիկա հանդէս գայ 2022-2023 տարեշրջանի Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Այսպիսով, նոր տարեշրջանին հանդէս եկող 10 խումբերը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ-Քլուժ Երթի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ-Քլուժ Երթի Մրցումը

Այսօր` երեքշաբթի, 5 յուլիսին, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ ռումանական Քլուֆ խումբը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Պասթիան...

Գոհար Վարդանեան` Ուրարտուի Նոր Թեքնիք Տնօրէն

Գոհար Վարդանեան` Ուրարտուի Նոր Թեքնիք Տնօրէն

Ուրարտու ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Գոհար Վարդանեան նշանակուեցաւ ակումբի թեքնիք տնօրէն: Ան նախապէս արդէն իսկ եղած էր ակումբի թեքնիք տնօրէնի օգնական, ինչպէս նաեւ թեքնիք տնօրէն: Սեպտեմբեր 2021-ին ան դադրեցուց իր գործունէութիւնը ակումբին մէջ, սակայն տասը ամիս ետք դարձեալ վերադարձաւ:  

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք.  Այսօր` Լիբանան-Սէուտական Արաբիա

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան-Սէուտական Արաբիա

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, այսօր` երկուշաբթի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) կը մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան, որ նոյն վայրին մէջ մրցեցաւ Յորդանանի դէմ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 89-70 արդիւնքով, մարզադաշտը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան:...

Page 386 of 1280 1 … 385 386 387 … 1,280

Արխիւներ