Սպանական Քատիսի ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան երկկողմանի համաձայնութեամբ իրարու հետ խզեցին իրենց պայմանագրութիւնը:
Հարոյեան «Լա լիկա»-ն ներկայացնող ակումբին հետ հանդէս կու գայ 2021-էն ի վեր:
Նախորդ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 19 մրցում:
Նախքան Սպանիա տեղափոխուիլը ան հանդէս կու գար Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:


