Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն յատուկ առիթի մը ընթացքին ներկայացուց իր նոր գլխաւոր մարզիչը:
Քրիսթոֆ Կալթիէ հեռանալով Նիսէն ստանձնեց Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, որ մայրաքաղաքի կազմին կողմէ պաշտօնազրկուեցաւ:
Նշենք, ֆրանսացի 55 տարեկան մասնագէտը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սեն Ժերմենի հետ:
Կալթիէի հետ Սենթ Էթիեն 2012-2013 տարեշրջանին հանդիսացաւ Ֆրանսայի Լիկայի բաժակակիր, իսկ Լիլի հետ 2020-2021 տարեշրջանին` Ֆրանսայի ախոյեան:


