Հայաստանի Հաւաքականը
Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար), Հայաստանի համար վերջին մետալը ապահովեց Լեովա Գէորգեան:
Արդարեւ, 125 քկ դասակարգին մէջ, հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին մրցեցաւ վրացի Մերապ Սուլէյմանաշվիլիի դէմ, տիրացաւ ոսկի մետալին` արձանագրելով 13-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ ան կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց թուրք Ատիլ Միսիրճիի դէմ (5-2):
Ան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան:
Այսպիսով, խմբային դասաւորման մէջ Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Ախոյեանութեան առաջին օրը Յարութիւն Յովհաննիսեան 57 քկ դասակարգին մէջ տիրացած էր արծաթ մետալի, մինչ Լեովա Գէորգեանի նման Հայաստանի համար ոսկի մետալներ ապահոված էին Հայկ Պապիկեան (70 քկ) եւ Մուշեղ Մկրտչեան (79 քկ):


