Մարզական

Ալվարօ Մորաթա Եւ Փաուլօ Տիպալա  Հեռացան Եուվենթուսէն

Ալվարօ Մորաթա Եւ Փաուլօ Տիպալա Հեռացան Եուվենթուսէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա, ինչպէս նաեւ արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա հեռացան Եուվենթուսէն, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ վերջին երկու տարիներուն 29 տարեկան Մորաթա Աթլեթիքօ Մատրիտէն փոխ տրուած էր Եուվենթուսին: Նախորդ տարեշրջանին Մորաթա Եուվենթուսի հետ կատարեց 48 մրցում, նշանակեց 12 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: Ներկայիս Մորաթայի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով:...

Պլեթըր Եւ Փլաթինի Անմեղ Նկատուեցան

Պլեթըր Եւ Փլաթինի Անմեղ Նկատուեցան

ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի նախկին աստղ Միշել Փլաթինի երէկ զուիցերիական ատեանէն անմեղ նկատուեցան փտածութեան մեղադրանքներէն: Պլեթըր, որ ՖԻՖԱ-ն ղեկավարած էր 17 տարի, անպարտ նկատուեցաւ կաշառակերութեան յանցանքէն` Զուիցերիոյ հարաւը գտնուող Պելինզոնա քաղաքի դաշնակցային դատարանին կողմէ: Փլաթինի, որ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ եւ տնօրէն էր, նոյնպէս անմեղ նկատուեցաւ:

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք.  Այսօր` Ռիպաքինա-Ժապեր Աղջկանց  Աւարտականի Մրցումը Վաղը` Ճոքովիչ-Քիրկիոս Աւարտական

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Այսօր` Ռիպաքինա-Ժապեր Աղջկանց Աւարտականի Մրցումը Վաղը` Ճոքովիչ-Քիրկիոս Աւարտական

Այս շաբաթավերջին իր աւարտին կը հասնի Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց աւարտական հանգրուանի մրցումները: Աղջկանց կիսաւարտական մրցումներուն, Ղազախստանի ներկայացուցիչ Էլենա Ռիպաքինա (դասուած 17-րդ), ստեղծեց անակնկալ մը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով փորձառու ռումանացի Սիմոնա Հալեփը (16-րդ)` անոր դէմ արձանագրելով 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւարտականին, այսօր Էլենա...

«Թուր Տը Ֆրանս».  Սլովենիացի Փոկաքար Կը Շարունակէ Իր Մօտ Պահել Դեղին Շապիկը

«Թուր Տը Ֆրանս». Սլովենիացի Փոկաքար Կը Շարունակէ Իր Մօտ Պահել Դեղին Շապիկը

Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին («Թուր Տը Ֆրանս») 7-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, դարձեալ վերջ գտաւ Թատեժ Փոկաքարի (Սլովենիա) յաղթանակով, որ մաս կը կազմէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-«Էմիրէյթց» խումբին: Երէկուան այս հանգրուանը, որ սկսաւ Թոմպլենէն, իր աւարտին հասաւ Լա Սիւփեր Փլանշ տէ Պել Ֆիյի մէջ (176,3 քմ): Փոկաքար ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ, 58 վայրկեան եւ 40 երկվայրկեան արդիւնք մը:...

«Քամփ Նու»-ի Անունը  Պաշտօնապէս Փոխուեցաւ

«Քամփ Նու»-ի Անունը Պաշտօնապէս Փոխուեցաւ

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պաշտօնապէս փոխուեցաւ մարզադաշտին անունը, ըստ «Սփորթիֆայ»-ի հետ ստորագրուած համաձայնագիրի կնքումին: Այսուհետեւ ակումբին մարզադաշտը պիտի կոչուի «Սփորթիֆայ- Քամփ Նու»: Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա այս գործարքէն պիտի ստանայ 300 միլիոն եւրօ:

ՖԻՖԱ. 2024-ի Աշխարհի Ֆութսալի  Տղոց Ախոյեանութիւն.  Յստակացան Հայաստանի Ազգային  Հաւաքականին Մրցակիցները

ՖԻՖԱ. 2024-ի Աշխարհի Ֆութսալի Տղոց Ախոյեանութիւն. Յստակացան Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Մրցակիցները

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի 2024-ի աշխարհի ֆութսալի տղոց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը (Եւրոպայի գօտի), որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Չեխիան եւ Պոսնիան: 12 խմբակներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ երկրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն չորս խումբերը, կ՛ապահովեն փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ալաշկերտ 1-0 Արդիւնքով Յաղթեց  Համրուն Սփարթանսին

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտ 1-0 Արդիւնքով Յաղթեց Համրուն Սփարթանսին

Երէկ` հինգշաբթի, 7 յուլիսին «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ալաշկերտ-Համրուն Սփարթանս (Մալթա) մրցումը, որ վերջ գտաւ հայրենի կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը 25-րդ վայրկեանին նշանակեց, 32 տարեկան յետսապահ Արտակ Եդիգարեան, որ հեռուէն ուժգին զօրաւոր հարուածով մը պարտութեան մատնեց մրցակից բերդապահին պաշտպանած բերդը:...

Վերաբացուեցաւ Աչաջուրի  Ֆութպոլի Մարզադաշտը

Վերաբացուեցաւ Աչաջուրի Ֆութպոլի Մարզադաշտը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը շարունակէ մարզերուն մէջ ֆութպոլի ենթակառոյցներու զարգացումը: Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Տաւուշի մարզի Աչաջուր համայնքին մէջ վերաբացուեցաւ ֆութպոլի մարզադաշտը: Մարզադաշտին վերաբացման հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան:  

Լեւանթէէն Հեռացած Սեւիկեան  Միացաւ Նիժնի Նովկորոտին

Լեւանթէէն Հեռացած Սեւիկեան Միացաւ Նիժնի Նովկորոտին

20 տարեկան ռուսահայ միջնապահ Էտկար Սեւիկեան 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ռուսական Նիժնի Նովկորոտ ակումբին հետ, որ ելոյթ կ՛ունենայ Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ: Էտկար Սեւիկեանի վերջին ակումբն էր սպանական Լեւանթէն, որուն հետ անոր պայմանագրութեան ժամկէտը վերջ գտաւ նախորդ 30 յունիսին: Նշենք, որ 2021-էն ի վեր ան մաս կը կազմէ Ռուսիոյ 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին: Անոր նոր ակումբը 2022-2023...

Միրանեան Հեռացաւ Ուրարտուէն

Միրանեան Հեռացաւ Ուրարտուէն

Հայրենի ֆութպոլիստ Արթուր Միրանեան հեռացաւ Ուրարտուէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակումբին հետ 26 տարեկան յառաջապահին պայմանագրութիւնը աւարտած ըլլալով, կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշեցին զայն չերկարաձգել: Նշենք, որ ան 2021-ի մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին միացաւ Ուրարտուին, որուն հետ ան կատարեց 28 մրցում եւ նշանակեց 14 կոլ:  

«Թուր Տը Ֆրանս».  Փոկաքար` Ընդհանուր Դասաւորման  Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

«Թուր Տը Ֆրանս». Փոկաքար` Ընդհանուր Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Այս ամսուան սկզբնաւորութեան մեկնարկը տրուեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի ախոյեանութեան` «Թուր տը Ֆրանս»-ին, որ իր պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ 109-րդ անգամ ըլլալով: Քոփենհակընէն (Դանիա) սկսած այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի 24 յուլիսին, Շան զ՛Ելիզէի մէջ (Փարիզ, Ֆրանսա): Երէկ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանի մրցումը աւարտեցաւ սլովենիացի Թատեժ Փոկաքարի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Էմիրէյթց խումբ) յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 27...

Սթեֆըն Քարիի Մարզաշապիկը  Ծախուեցաւ 203 Հազար Տոլարի

Սթեֆըն Քարիի Մարզաշապիկը Ծախուեցաւ 203 Հազար Տոլարի

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող փորձառու եւ անուանի խաղացող Սթեֆըն Քարիի մարզաշապիկը աճուրդով ծախուեցաւ 203.330 ամերիկեան տոլարի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը: Ան այս մարզաշապիկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոսթըն Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած այս տարուան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին եւ յաջողեցաւ հաստատել մրցանիշ մը` առաջին քորթըրին արձանագրելով 6 թրի փոյթ: Նշենք, որ մարզաշապիկներու վաճառքի...

Պասքեթպոլ.  Տիւրանթ Շատ Հաւանաբար  Վերադառնայ Ուորիըրզ

Պասքեթպոլ. Տիւրանթ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Ուորիըրզ

Ամերիկեան մարզական մամուլին համաձայն, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նորընծայ ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Պրուքլին Նեթցին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթը: Նշուեցաւ, որ Տիւրանթ դիմած է Նեթցի ղեկավարութեան` յայտնելով, որ կը փափաքի այլ կազմի մը միանալ: Ուորիըրզին մաս կազմող մարզիկներէն` Սթեֆըն Քարի, Քլէյ Թոմսըն եւ ուրիշներ ողջունեցին Տիւրանթի վերադարձը` յոյս յայտնելով, որ անոր հետ կը յաջողին աւելի...

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք.  Նատալ Այսօրուան Կիսաւարտականի  Իր Մրցումը Պիտի Չկատարէ

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Նատալ Այսօրուան Կիսաւարտականի Իր Մրցումը Պիտի Չկատարէ

Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երէկ յայտարարեց, որ պիտի չկարենայ կատարել կիսաւարտական հանգրուանի  իր այսօրուան մրցումը` աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Քիրկիոս թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ապահովէ կրան շլեմի մը մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը այսօր իրարու դէմ պիտի հանէ թիւ 1 դասուած Նովաք Ճոքովիչն (Սերպիա) ու Քամերոն...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Այսօր` Ալաշկերտ-Համրուն Սփարթանս

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Այսօր` Ալաշկերտ-Համրուն Սփարթանս

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ ճակատումներ: Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Ալաշկերտ, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Համրուն Սփարթանսը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Իր կարգին, մրցում ունի կատարելիք նաեւ Արարատ Երեւան, որ հիւրը պիտի ըլլայ Շըքենտիժայի, ժամը 21:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:

«Եուրոփա Քոնֆըրանս Լիկ».  Զաւէն Յովհաննիսեան` Կզիրա-Աթլեթիք Էսքալտես Մրցումին Կեդրոնի Իրաւարարը

«Եուրոփա Քոնֆըրանս Լիկ». Զաւէն Յովհաննիսեան` Կզիրա-Աթլեթիք Էսքալտես Մրցումին Կեդրոնի Իրաւարարը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այսօր` հինգշաբթի 7 յուլիսին, տեղի ունենալիք Կզիրա (Մալթա)-Աթլեթիք Էսքալտես մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Հայաստանէն Զաւէն Յովհաննիսեան: Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Մեսրոպ  Ղազարեան եւ Ատոմ Սեւգուլեան, մինչ չորրորդ իրաւարարը` Աշոտ Ղալթախչեան: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մալթայի մէջ, կ՛իյնայ «Եուրոփա Քոնֆըրանս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն...

Ֆութսալ.  Երեւան Կը Հիւրընկալէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցումները

Ֆութսալ. Երեւան Կը Հիւրընկալէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցումները

Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ջանքերուն շնորհիւ, 23-28 օգոստոսին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենան ֆութսալի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին մրցումները, այս մասին յայտնեց Երեւան ակումբին պաշտօնական կայքը: Այսօր` հինգշաբթի, 7 յուլիսին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որմէ ետք կը յստականան Երեւանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն մրցակիցները: Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեան Երեւան ընդգրկուեցաւ Ա....

Սարգիս Ադամեան Տեղափոխուեցաւ Քէօլն

Սարգիս Ադամեան Տեղափոխուեցաւ Քէօլն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան տեղափոխուեցաւ Քէօլն, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան Ադամեան, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Պունտըսլիկա»-ի կազմին հետ, պիտի կրէ թիւ 23 մարզաշապիկը: Նշենք, որ Ադամեան Քէօլն տեղափոխուեցաւ Հոֆընհայմէն: Նախորդ տարեշրջանին երկրորդ  բաժինը սակայն, ան Քէօլնէն փոխ տրուեցաւ Ֆ. Ք. Պրիւժի, որուն հետ հանդիսացաւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան:  

Մխիթարեան Սկսաւ Իր Փորձերուն` Ինթեր Միլանի Հետ

Մխիթարեան Սկսաւ Իր Փորձերուն` Ինթեր Միլանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ երէկ հասաւ իր նոր ակումբին` Ինթեր Միլանի փորձերուն կատարած վայրը, իր նոր խմբակիցներուն հետ սկսաւ իր փորձերուն: Նախքան անոր մարզադաշտ ժամանումը, ակումբին համակիրները եկած էին դիմաւորելու իրենց նոր ֆութպոլիստը: Ինչպէս ծանօթ է,  Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ 2 յուլիսին ներկայացուեցաւ իբրեւ Ինթեր Միլանի նոր ֆութպոլիստ: Նշենք, որ ան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, լքելով իր...

Մեսսի` Արժանթինի Երկրորդ Ամէնէն Սուղ Արժող Ֆութպոլիստը

Մեսսի` Արժանթինի Երկրորդ Ամէնէն Սուղ Արժող Ֆութպոլիստը

Երկար տարիներ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի կը գլխաւորէր Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի ամէնէն սուղ արժող ֆութպոլիստներու ցանկին առաջին դիրքը` Այժմ սակայն, պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ինթեր Միլանին մաս կազմող Լաութարօ Մարթինեզ: Անոր փոխանցման արժէքը այժմ կը գնահատուի 75 միլիոն եւրօ, մինչ 35 տարեկան Մեսսիի փոխանցման արժէքը վերջին շաբաթներուն նուազեցաւ 50 միլիոն եւրոյի:  

Page 385 of 1280 1 … 384 385 386 … 1,280

Արխիւներ