Երէկ` երեքշաբթի, 5 յուլիսին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանին զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարեց իր առաջին մրցումը` Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով ռումանական Քլուժը:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով ճերմակ հաւասարութեամբ մը:
Հիւր կազմին կոլ նշանակելու առիթները աւելի շատ էին, մինչ հայկական կողմը գրեթէ առիթ չկրցաւ ստեղծել:
Սակայն Հայաստանի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ իր բերդը փրկեց հինգ ստոյգ առիթներէ:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ13 յուլիսին եւ պիտի սկսի ժամը 22:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Մրցումին յաղթականը Բ. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Տիւտելանժ (Լիւքսամպուրկ)-Թիրանա (Ալպանիա) մրցումին յաղթականը: