«ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 19 տարեկանէն վար տղոց աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Իսրայէլ:
Թէեւ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, սակայն երկարաձգման ընթացքին Անգլիա նշանակեց երկու կոլ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Այսպիսով, Անգլիա Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան 12-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) հանդիսացաւ ախոյեան:
Սպանիա տիտղոսակիր դարձած է 11 անգամ:


