Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Մարսէյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը:
Խրուաթ Իկոր Թուտոր նշանակուեցաւ նոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով արժանթինցի Խորխէ Սամփաուլին, որ 1 յուլիսին հեռացաւ ակումբէն, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը:
44 տարեկան Թուտոր, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարսէյի հետ, նախապէս գլխաւորած է Վերոնան:


